Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

“Ալիս Ներկիզեան” Մանկամսուրի 60 Փոքրիկներ Յաջորդ Տարի Մուտք Կը Գործեն Մանկապարտէզ

25 Յունիս 2021-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի փոքրիկները ուրախ հանդէսով մը փակեցին տարեշրջանը` ծնողներուն եւ բարեկամներու առջեւ ցուցադրելով մանկամսուրի յարկին տակ իրենց արձանագրած աճը արտայայտող երկար շարք մը պարեր ու վարժանքներ:

Այս առիթով, մանկամսուրի 60 «աւարտականները» ստացան իրենց «վկայական-անցաթուղթերը»`դէպի յաջորդ տարեշրջանի մանկապարտէզի բողբոջ դասարան: Հանդէսը վարեց տիկին Մարալ Հարպոյեան:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ մեծագոյն շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին եւ ընտանիքի անդամներուն, որոնք հետեւողական հոգածութեամբ եւ զօրակցութեամբ կը հետեւին մանկամսուրի գործունէութեան եւ տեւական մասնակից են անոր զարգացումին ու բարեկարգումին: Պարոն Գալուստ յատկապէս նշեց վերանորոգման աշխատանքները, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնէն ետք առաջնահերթաբար կատարուեցան մանկամսուրի հատուածին մէջ, հնարաւոր արագութեամբ վերականգնելու համար անոր գործունէութիւնը: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց մանկամսուրի անձնակազմի նուիրուած եւ ուշադիր ծառայութեան համար, որուն շնորհիւ փոքրիկները, իրենց ամենազգայուն այս տարիքին, լաւապէս կը պատրաստուին դպրոցական տարիներուն համար:

Մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան-Քէշիշեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ մանկամսուրին ցուցաբերուած մեծ վստահութեան համար, որ կը պարտաւորեցնէ անձնակազմը՝ պահպանելու եւ բարձրացնելու փոքրիկներու հոգածութեան մակարդակը, յանուն անոնց առողջ կազմաւորման:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին