Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Վերյիշելով Գրիգոր Տեկիրմենճեանի Լրագրողական Արժանիքները

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Գրիգոր Յակոբի Տեկիրմենճեանը, բազմաշնորհ արուեստագէտ մըն էր, իր դերասանական-բեմադրական ձիրքերով, կատախօսական-զաւեշտական կարողութիւններով, զինք դարձնելով հայ բեմի մեծ երախտաւոր մը, ընկերային ձեռնարկներու աչքառու ու սրամիտ ներկայութիւն մը, միշտ ծիծաղ բաշխելով հանդիսականներուն, հաճելի ժամանց, ուրախ տրամադրութիւն, բայց, նաեւ խոհական պահեր ստեղծելով ակնդիրներուն մօտ։

1990ին, երբ ստանձնեցի «Զարթօնք»ի խմբագրութիւնը, Գրիգոր (որուն արդէն բարեկամ էի ու թաղակից), այցելութիւն տուաւ ինծի ու պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատակցելու օրաթերթին, թղթակցութիւններով, նկարագրութիւններով, հարցազրոյցներով, երգիծագրութիւններով, եւ ընդհանրապէս գաղութին մէջ տեղի ունեցող արուեստագիտական, թատերական, նկարչական, ընկերային, բարեսիրական, կրթական եւ յարակից բնոյթի գործունէութիւններու անդրադառնալու խոստումով։

Անմիջապէս համաձայնեցայ, նկատի առնելով, որ խմբագրութիւնս պէտք ունէր նման մարզի փորձառու աշխատակիցի մը, այդ ուղղութեամբ, որոշ չափով իր ունակութիւններուն ծանօթ ըլլալով։

Ատկէ վերջ, ամբողջ 16 տարի, Գրիգորը անպակաս եղաւ «Զարթօնք»էն, ոչ միայն հետեւելով իմ խմբագիրի ցուցմունքներուս ու պատուէրներուս, այլեւ՝ երբեմն համաձայն գտնուելով իր կողմէ եկած առաջարկներուն ու ծրագիրներուն, նոյնիսկ հայրենիք այցելութեան առիթով, արժէքաւոր նիւթերու հաստկեկ թղթածրար մը բերելով հետը։

Գրիգոր օժտուած էր որոշակի բարեմասնութիւններով.

ա. Ընդհանուր գիտելիքներու, մանաւանդ արուեստի աշխարհէն, հարուստ փորձով

բ. Պարտաճանաչ եւ արագաշարժ էր նիւթեր ընտրելու ու պատրաստելու աշխատանքին մէջ

գ. Հայերէն լեզուի գրառութեան եւ ուղղագրութեան լաւատեղեակ էր, նաեւ՝ գիտակ արաբերէն լեզուի

դ. Գիտէր իր նիւթերը վարպետութեամբ ուսումնասիրել ու նոյն հմտութեամբ վերարտադրել զանոնք, իսկ նշանաւոր անձերու հետ հանդիպումները կը վերածէր կենդանի ու խօսուն իրականութեան

ե. Իր սիւնակները, մասնաւորաբար նուիրուած օրուան կեանքի տարբեր երեւոյթներուն, միշտ լեցուն էին կենսունականութեամբ, լաւատեսութեամբ ու դաստիարակչութեամբ, յաճախ զանոնք համեմելով երգիծանքային բոյրով, աւելի համոզիչ ու պատկերաւոր դարձնելու նպատակով։

Այս առիթով, կ’ուզեմ հետեւեալ խտացուած գլխաւոր կէտերը ընդգծել Գրիգորին ինքնայատուկ լրագրութեան ասպարէզին մէջ արձանագրուած չափանիշներով.

1. ԳՐԻԳՈՐ-ԶՐՈՒՑԱՎԱՐԸ

Բացառիկ յատկանիշ մը, որ ամէն լրագրողի տրուած չէ, բայց, Գրիգորը մեծ վարպետ մըն էր, հարցազրոյցներու ընդմէջէն, իր «հերոս»ները արժեւորելու, բնութագրելու եւ ուրուագծելու, ամենայն հարազատութեամբ ու թափանցիկութեամբ, որ երբեմն խնդրոյ առարկայ անձն ալ կը հիանար, ոչ միայն Գրիգորին հմտութենէն, այլեւ՝ իր մասին արտայայտուած գնահատանքներէն եւ արժանիքներէն։

Օրաթերթը այս ուղղութեամբ կը հարստանար հարցազրոյցներու այժմէականութեամբ, մարդակերտութեամբ եւ անձնանկարագրութեամբ, որովհետեւ Գրիգորը գիտէր անոնց տալ լոյս ու շունչ, կիրք ու միտք, յաճախ շատեր փափաքելով իր գրիչով նման իրավիճակներու մէջ յայտնուելու։

2. ԳՐԻԳՈՐ-ԵՐԳԻԾԱԳԻՐԸ

Գրիգոր մեծապէս ազդուած էր Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի երգիծաբանութիւններէն, որոնց մեծ մասը անգիր գիտէր եւ յաճախ բեմերու վրայ հանդէս կու գար անոնց արտասանութեամբ։

Իր լրագրութեան մէջ, երգիծաբանութիւնը միշտ առկայ էր, իր ծիծաղով, խանդով կամ ժպիտով, իսկ երբեմն ալ՝ իր խայթոցով, հեգնանքով կամ կծութեամբ, հիմնուելով այն համոզումներուն վրայ, որ կեանքը եւ մարդկութիւնը դէմ յանդիման կու գան այս երկու երեսներով, թէկուզ՝ դրական թէ ժխտական գոյներով։

Երբեմն ուրախութեան ու գոհունակութեան անդրադարձներ կը հասնէին կամ փոխանցուէին ինծի, Գրիգորին «հիւմըր»ները կարդալով, երբեմն ալ՝ սրտնեղութիւններ կամ բողոքներ, ի տես անոր սուր սլաքներուն։

Վերջին հաշուով, սակայն, լրագրողն էր յաղթականը, որովհետեւ իր խօսքը հասած էր այս կամ այն կողմին, իսկ օրաթերթը շահած էր ժողովրդականութիւն։

3. ԳՐԻԳՈՐ-ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ

 Բնական էր, որ Գրիգորին համար, արուեստը, իր զանազան արտայայտամիջոցներով, դառնար կիզակէտային հմայք մը, հետեւաբար, ամէն տեղ էր, ներկայ ըլլալու, վայելելու եւ ըմբոշխնելու, ապա, իր տպաւորութիւնները մամուլին յանձնելու, միշտ պայծառատեսութեամբ եւ իրատեսութեամբ։

Վստահաբար, նման պարագաներու, Գրիգորը ինքզինք կը տեսնէր անոնց մէջ, կ’ուրախանար ու կը հրճուէր, ապա, անմիջապէս թուղթ-գրիչ առնելով, իր լուսարձակին տակ կ’առնէր զանոնք, որպէսզի թերթին մէջ տպագրուի, ի լիացումն արուեստագէտին կամ արուեստախումբին եւ մեծ ցնծութիւն իրեն եւ իր սիերլի թերթին։

4. ԳՐԻԳՈՐ-ՄԱՐԶԱԲԱՆԸ

Գրիգորը անսահման սէր եւ երկրպագութիւն ունէր մարզական աշխարհին նկատմամբ, յատկապէս՝ ֆութպոլին։ Կը հետեւէր հայ թէ օտար մարզական կեանքին, հետեւաբար, մարզական իր էջերը միշտ լեցուն էին նոր զարգացումներով, նուաճումներով եւ արձանագրութիւններով։

Որքան ուրախ էր, երբ օր մը, 1995ին, իրեն յայտնեցի, թէ շուտով շաբաթը, երեք անգամ, ութական էջով լոյս պիտի տեսնէ «Զարթօնք»ը, ուստի, պիտի կարենար աւելի տեղ տալ մարզականութեան եւ, անշուշտ այլ նիւթերուն։

Իր մարզական նախասիրութիւններուն աւելի գոհացում տալու համար, զինք անդամագրել տուի Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին, որպէսզի մօտէն հետեւի մրցաշարքերուն եւ անմիջապէս արձագանգէ թերթին մէջ։

5. ԳՐԻԳՈՐ-ԺԱՄԱՆՑԱԳԻՐԸ

Գրիգորը մասնագէտ էր խաչբառ, բառախաղ, պահուած բառ եւ այլ խաչաձեւեր պատրաստելու մէջ, այնպիսի զանազանութեամբ եւ առատութեամբ, որ օրաթերթի մը համար, իրօք, առաւելութիւն մըն էր։

Կը պրպտէր, կը հաւաքէր ու կը խորաչափէր, երբեմն մէկ ամսուան պաշարով, որպէսզի հետաքրքրասէր ընթերցողը չզրկուի այդ հաճելի մտային ժամանցէն։

Խմբագրութեան գիտութեամբ ու քաջալերանքով, Գրիգորին կարգադրութեամբ յաճախ կազմակերպուեցան մրցանքներ, որպէսզի մասնակիցներու հետաքրքրութիւնը աւելի լարուի եւ աւելիով մասնակցին անոնց։

Պէտք է յիշել նաեւ, Գրիգորին «կաղանդաչէք»երը, որոնք ամէն տարեվերջին կը զարդարէին «Զարթօնք-բացառիկ»ները, իրենց դիպուկ, պերճախօս, զուարթախոհ եւ իմաստալից մաղթանքներով։

***

Այսպէս էր Գրիգորը, մամուլին ծառայողը, նուիրեալը ու զինուորագրեալը, որ հակառակ վերջին շրջանին, մերթ ընդ մերթ անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տար, սակայն, դարձեալ պատնէշի վրայ էր, նիւթեր ղրկելով իր սիրեցեալ թերթին։

Թելադրեցի, չյոգնիլ, տունէն աշխատիլ։

«Չեմ կրնար, ըսաւ, խմբագրատան մթնոլորտը ուրիշ ուժ եւ աւիւն կու տայ»։

Խորապէս ցաւ ու վիրաւորանք ապրեցաւ, երբ մամուլի անձնազոհ եւ անձնուէր աշխատանքը… «ագարակ» որակուեցաւ տհասի մը կողմէ, բայց, Գրիգորը իր ունեցած մտրակային գրիչով «հակասրսկեց» այդպիսի որակումն անգամ։

Գրիգոր իր արժանաւոր, այլապէս համեստ եւ ուրոյն տեղը ունեցաւ «Զարթօնք»ին մէջ, իսկ այսօր, զինք վերյիշելը եւ իր լրագրական ներդրումները գնահատելը առիթն է, չմոռնալու զինք ու հրապարակաւ գնահատելու, որպէս յատենի «Զարթօնք»-ընտանիքի հաւատաւոր անդամ։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին