Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Մէկ Կաթսայ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Միշտ ալ միջոց  մը պիտի գոյանայ տեսութեան եւ գործնականացումի մէջ բայց երբ այդ միջոցը  շատ հեռանայ վերոնշեալներու միջեւ  արդէն ոչ մէկ կամուրջ ի զօրու  կրնար ըլլալ միացնելու: Հետեւաբար՝ բաժանումը կ՛ըլլայ անխուսափելի:

Պերդրանտ Ռասըլի բազմաթիւ  գիրքերէն մին՝ «Համայնաւարութիւնը ու համայնաւարը» եւ նման բազմաթիւ գիրքեր  կան ի հարկէ զանազան մարզի, սակայն ամէնէն խօսունը  կ՛ըլլայ երբ մարդ ոչ միայն ականատես կ՛ըլլայ այլ՝ վկան, կենդանի  վկան գաղափարին ու գաղափարախօսին միջեւ: Ամենայն դէպս այնքան խոտոր համեմատութիւններ կան այս իրողութեան վերաբերեալ, որմէ անկարելի է խուսափիլ, այնքան ատեն որ մարդ արարածի կառոյցը իբրեւ կենդանի արարած՝ շնչող, գործող, անկարող է իր դաւանածին ըլլալ գերին կամ՝ – քաղցրացնելու համար – հետեւողը ըլլայ գաղափարական, հոգեւորական սկզբունքներուն ինչ իր արգասիքն է բանականութեան, որ մարդը ընդհանրապէս իր անասնութենէն վեր բարձրացնելու  կը միտի:

Պատահականութիւններ ի  հարկէ գոյութիւն ունին մանաւանդ բնութեան մէջ, բայց կան դիպուածներ, դէպքեր, որոնք պատահականութեան պտուղը չեն  այլ՝  ծրագրուած ու դասաւորուած մանաւանդ՝ երբ խնդիրը քաղաքական մարզի  կը պատկանի:

Չեմ յիշեր լսած կամ կարդացած ըլլամ ա՛յսքան բարդ ու խառնիճաղանճ երկրի մը մասին, որ այսքան սակաւ բնակչութեամբ, բնակաչութեան թիւով իսկ բարդութիւններ ունենայ – չափազանցութեան ուռկանին ինկանք, սակայն ըսել  ուզուածը հասկնալի է: Կեանք է.  կը պատահին դժուար պահեր, բայց դժուարագոյնը՝ ելք մը գտնելն  է – խնդիրը անձի մը կամ անձերու չի  վերաբերիր այլ՝ Հայրենիքի (թէեւ կասկածելի է ոմանց հայրենասիրութեան չափն ու տարողութիւնը):

Ու՜ր կ՛երթանք այսպէս…պատասխանը ընտրութենէ՞ն ետք… (Մէկ կաթսայ բազմաթիւ շերեփներ):

Աստուած օգնական:

(Յապաւումով)
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին