Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Աշխարհը Եւ Հայերը Այս Տասնօրեակին

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Անցնող, բայց տակաւին չաւարտած այս տասնօրեակը ուշագրաւ էր համաշխարհային քաղաքական անցուդարձերու առումով:

Թուարկեմ միքանին խոշորագոյն իրադարձութիւններէն.-

ա) Գերզարգացած եւ «ակումբ» գոյացուցած 7 պետութիւնները աշխարհին՝ Մ. Նահանգներ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Ճափոն եւ Քանատա հաւաքուեցան ու իրենց քաղաքական շահերուն համապատասխան ներդաշնակ ծրագրեր մշակեցին, որոշումներ կայացուցին:

բ) Մ. Նահանգներու եւ Ռուսաստանեան Դաշնային Հանրապետութեան պետերը գլուխ գլխի հանդիպեցան եւ քննարկեցին իրենց խնդրայարոյց հարցերէն – տուեալ պահուն յարմարող – ամէնակարեւորները:

գ) Վիեննայի մէջ Իրանի հետ հիւլիական ուժանիւթին շուրջ բանակցութիւնները լաւատեսական սկսան դառնալ:

դ) Թուրքիոյ վարչապետը իր երկիրը նոր յաւակնութիւններու ներկայացուց:

ե) Երկրագունդի բնապահպանութեան խնդրով դրական նոր տրամադրութիւններ բարձրաձայնուեցան:

զ) Covid-19 համաճարակի փորձառութեան լոյսին տակ վերոյիշեալ եօթնեակը նախազգուշական քայլերու ծրագրային ուղեգիծ նախաձեռնեց:

է) Բացայայտօրէն դրսեւորուեցան եօթնեակին հակա-Չինաստան ընթացքը եւ ճիգը՝ սիրաշահելու Ռուսաստանն ու Իրանը:

Ը) Multinational Corporationsը ենթակայ դարձան աննախընթաց տուրքերու:

Յստակ էր սակայն, որ եօթնեակը + Իրանը, Ռուսաստանը, Թուրքիան + երկիրներ որոնք իբրեւ դէտ կամ մասնակի մասնակիցներ, կողմնակի կամ լուսանցքէն բանակցողները իրարու հետ մեղր ու կարագի վիճակին մէջ չէին:

Ընդհակառակը, զուլալ ջուրի պէս յստակ էր, որ այս պետութիւններն ու իրենց բանակցող առաջնորդները շատ հարցերու մէջ իրար հակասող, հակադրուող կեցուածքներու եւ շահերու մէջ խրամատաւորուած էին:

Ո՛չ մէկ կեցուածքի մէջ կողմերը բացարձակապէս նոյն դիրքն ունէին: Յիրաւի, այս տասնօրեակի դէպքերը բացայայտեցին բազմակարծութեան բացառիկ օրինակ մը:

Ժողովներուն մասնակիցները, սակայն չկռուեցան, չհայհոյեցին, չգռեհկացան. իրենց բանավէճերը պահպանեցին պատշաճութեան, իրենց քաղաքակրթութեան ու ազգային մշակոյթին յարիր մակարդակներուն վրայ: Նոյնիսկ նախագահ Էրտողանը՝ իր օսմանեան մշակոյթին յարիր ընթացք ունեցաւ…

Միտքիս մէջ պարզ, տարրական հարցումներ յառաջացան իտես այս տասնօրեակի պատկերին.-

  1. Վերոյիշեալ դէմքե՞րը աւելի մեծ շահեր, խնդիրներ, անհամատեղելի կեցուածքներ ունին, թէ՞ Կիրակի օր տեղի ունենալիք Հայաստանեան ընտրութիւններուն թեկնածուները…:
  2. Այս երկու խումբերէն ո՞ր խումբի անձերը աւելի ամէն տեսակի նմանութիւններ ունին. հայաստանեան ընտրապայքարի թեկնածունե՞րը, թէ՞ ռուս-թուրք-իրանցի-իտալացի-ամերիկացի-ֆրանսացի-գերմանացի-քանատացի-ճափոնցի-անգլիացի եւ այլ դէմքերը:
  3. Այս տասնօրեակին, եօթնեակը եւ միւսները կրցան կանոնաւորել իրենց համաշխարհային տարողութեամբ տարակարծութիւնները, պարունակի մէջ դնել զանոնք: Անցնող տասնամեակի փոթորիկները-հակադրութիւնները (կամ անոնց կարեւոր մէկ մասը) ետ դրուեցան  Փանտորայի Տուփին մէջ:
  4. Մե՞նք լաբիւրինթոս սարքեցինք:
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին