Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Վատիկան Կ՚Երթանք Լիբանանի Ողջ Ժողովուրդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու

«Վատիկան Կ՚Երթանք Լիբանանի Ողջ Ժողովուրդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախաձեռնողն է Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին, արդարեւ, անցնող օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով կապեր հաստատեցին Լիբանանի քաղաքական, կրօնական ու ակադեմական դէմքեր, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ օրկաններ: Անոնք ուզեցին իմանալ Վատիկանի հանդիպումին գծով Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումները:

Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը Վատիկան կ՚երթան խօսելու համար Լիբանանի ժողովուրդին անունով՝ առանց համայնքային խտրութեան, որովհետեւ տառապողը ողջ ժողովուրդն է: Երկրորդ, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը պարտաւորութիւնը ունին խօսելու իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին անունով, որովհետեւ եկեղեցին իր էութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդն է, եւ, հետեւաբար, եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդը դիմագրաւող տագնապներուն նկատմամբ: Երրորդ, Լիբանանը անմիջական կարիքը ունի նոր կառավարութեան, որուն անդամներուն թիւը, բնոյթը, քաղաքական ու համայնքային մասնակցութիւնը հոգեւոր պետերուն խնդիրը չէ: Անոնց պահանջքը յստակ է.- շուտով կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ ժողովուրդին կեանքը բարելաւել, տնտեսութիւնը կազմակերպել, արտագաղթին առաջքը առնել ու երկրէն ներս ապահովութիւն հաստատել: Այս հարցերուն գծով, քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն չունին:

Յայտնենք, որ Վատիկանի պատասխանատուները աշխոյժ կերպով կը պատրաստեն յիշեալ հանդիպումը՝ իր ներքին թէ հրապարակային երեսներով:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին