Նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կիրակի, 6 Յունիս 2021-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Դպրեվանքի դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն ձեռնադրութիւնը պիտի կատարուի։
Ձեռնադրիչ՝
Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան
Ս. Պատարագ ժամը 9:30
Ձեռնադրութիւն ժամը 10:30
Քարոզ ժամը 11:00
Ձեռնադրութենէն ետք Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները. իսկ Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց։