Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ոչ Եւս է Ընկ. Արա Ահարոնեան

Չորեքշաբթի, 5 Մայիս, 2021-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց նախկին լիբանանահայ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի նուիրեալ կուսակցական եւ անսակարկ հայրենասէր ընկեր Արա Ահարոնեանը:

Ընկեր Ահարոնեան ամերիկահայ համայնքէն ներս կը վարէր զանազան պաշտօններ միշտ պատրաստ ծառայելու իր հայրենիքին՝ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի միջոցով:

Երախտաւոր ընկերը ծնած էր 1952-ին, Թրիփոլի, Լիբանան: Տասնամեակներ շարունակ մնաց պատնէշի վրայ, գործեց անմնացորդօրէն եւ նպաստը բերաւ ռամկավար ազատական մամուլին իր ժրաջան աշխատակցութեամբ:

Այս տխուր առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքը իրենց խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարի ընկերներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին