Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Ցաւակցական

Խոր վիշտով իմացանք անժամանակ մահը գաղութիս ժրաջան ազգային-հասարակական գործիչ, բեղուն գրչի տէր, քաղաքական եռանդուն եւ գործօն աշխատակից Արա Ահարոնեանի։

Արա Ահարոնեանը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հաւատաւոր մէկ անդամը ըլլալու կողքին, էր նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեսլականով տոգորուած անդամը, որուն համար ազգին ծառայելը սրբազան նպատակ դարձած էր։

Ահաւասիկ՝ «Երախտաւորներու» հեղինակը ինքն ալ դարձաւ երախտաւոր, բայց աւա՜ղ շատ կանուխ հասակին։ Ան տակաւին ընելիք շատ ունէր եւ տարուած էր երազներով, որոնց իրականացման համար ան տքնաջան կ՛աշխատէր՝ տիւ եւ գիշեր։ Հանգիստ յոգնատանջ ոսկորներուն։

Թող Աստուած Արա Ահարոնեանի հոգին լուսաւորէ եւ երկնային մխիթարութիւն շնորհէ իր տիկնոջ, զաւակներուն, քրոջ եւ բոլոր հարազատներուն։

ԹՄՄ, Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
ԹՄՄ, Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղ
ԹՄՄ, Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
ԹՄՄ, Ֆրէզնոյի Մասնաճիւղ
ԹՄՄ, Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի Խնամակալ Մարմին
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին