Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակաց Ոգեկոչում

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակաց Ոգեկոչում

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 09:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով պիտի ոգեկոչուի յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։

Արարողութեան պիտի նախագահէ

եւ

իր Հայրապետական պատգամը ուղղէ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Պիտի պատարագէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Բարեխօսական Կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ Սրբոց Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան առջեւ։

ԾԱՆՕԹ.-

  • Մեր անմիջական շրջապատին հանդէպ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, յանձնարարելի է յարգել թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները։
  • Ս. Պատարագն ու Հայրապետական Պատգամը ուղիղ պիտի սփռուին Télé Lumière-էն, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի Facebook-ի եւ YouTube-ի էջերէն, ինչպէս նաեւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին