Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Զօրակցական Այցելութիւն Պատրիարք Ռաաիին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկեր Սեւակ Յակոբեանին այցելեց Պըքէրքէ հանդիպում մը ունենալու Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաաիին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան եւ ընկ. Գրիգոր Մկրեան:

Պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց Ռաաին Աւետման եւ մօտալուտ Ս. Յարութեան տօներուն առիթով:

Հանդիպման ընթացքին ընկ. Յակոբեան հաստատեց ՌԱԿ-ի ամիս մը առաջ հրապարակած զօրակցութիւնը Պըքրքէյին, անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ՌԱԿ անվերապահօրէն կը կանգնի Պատրիարքի կողքին յանուն Լիբանանի ու իր ժողովուրդին վերականգնումին ու հզօրացման:

Ընկ. Յակոբեան շեշտեց, որ «ի տես Լիբանանի դիմագրաւած անտանելի իրավիճակին, Պշարա Ռաաի Պատրիարքի վերջին կուռ կեցուածքները մերժելու անընդունելին՝ աւելի քան ողջունելի են: Մենք կը հաւատանք, որ Եկեղեցին խիղճն է իր երկրին եւ հոն ուր պետութիւնը կը ձախողի ու քաղաքական ղեկավարութիւնը կը խարխաբէ երկիրն ու քաղաքացին դնելով  անտէր իրավիճակի մը մէջ, Եկեղեցին իր դերը ունի կատարելիք»:

ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ Պըքրքէ մեծ նշանակութիւն ունի Հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անոր նպաստը մեծ է Լիբանանի մէջ Հայ ժողովուրդի յարութիւնը իրագործելուն մէջ յետ ցեղասպանութեան դժուարին տարիներուն:

Իր կարգին Պատրիարք Ռաաին վեր առաւ Հայ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին եւ շեշտեց, որ ինք միշտ Հայ ժողովուրդի կողքին եղած է ու կը շարունակէ մնալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին