Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Քաջալերական Լուրեր Ամերիկայէն

38 Ազդեցիկ Ամերիկացի Ծերակուտականներ

Նախագահ Պայտընէն Կը Պահանջեն ՃանչնալՀայոց Ցեղասպանութիւնը

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ըստ Ամերիկայի Armenian Assembly-ին, Մարտ 19-ին, Միացեալ Նահանգներու ազդեցիկ 38 Ծերակուտականներ, գլխաւորութեամբ Նիւ Ճըրզիի Երէց Դեմոկրատ Պօպ Մենենտեզի, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը նախագահ Ճօ Պայտընէն պահանջած են ճանաչում շնորհել Հայկական Ցեղասպանութեան: Հոս տեղին է նշել թէ Դեմոկրատ Ծերակուտական Մենենտեզ եղած է անխոնջ ախոյեանը Հայ Դատին, իրեն գործակից ունենալով Նիւ Եորքի Դեմոկրատ Ծերակուտական Չարլս (Չաք) Շումըրը, որ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի առաջնակարգ անձնաւորութիւնն է:

Այս հաղորդագրութիւնը որդեգրուած է թէ՝ Հանրապետական եւ թէ Դեմոկրատ Կուսակցութեանց պատկանող Ծերակուտականներու կողմէ: Հոն մատնանշուած է այն իրողութիւնը թէ նախագահ Պայտըն անցեալ տարուայ Ապրիլ 24-ի Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրուան առիթով հետեւեալը յայտարարած էր. «Յոյժ անհրաժեշտ է խօսիլ այս մասին եւ յիշատակել պատմական այս իրադարձութիւնը, երբ մենք կ’անդրադառնանք ճշմարտութեան ուժին եւ կը դառնանք բաժնեկից՝ ընդդիմանալու ատելութեան դէմ, որովհետեւ լուռ մնալը կը շարունակէ մեղսակից ըլլալ»:

Նախագահ Պայտընի յղուած նամակ-հաղորդագրութեան մէջ ծերակուտականները շեշտած են հետեւեալը. «Մենք կը զօրակցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր նահատակներուն: Մենք միահամուռ կ’ընդդիմանանք բոլոր անոնց որոնք կը ձեւացնեն թէ այս կանխամտածուած եւ կազմակերպուած աշխատանքը քայքայելու համար հայ ժողովուրդը բացայայտ Ցեղասպանութիւն մըն չէր: Դուք ճշգրտօրէն բնութագրած էք թէ Ամերիկեան դիւանագիտութիւնն ու արտագին քաղաքականութեան վարքագիծը խարսխուած կը մնան մեր արժէքներուն վրայ, յատկապէս յարգելով տիեզերային համամարդկային իրաւունքները: Այս արժէքները հետեւաբար մեզմէ կը պահանջեն ճանչնալ ճշմարտութիւնը եւ ընել մեր կարելին՝ կանխելու մտահոգութեամբ ապագայ ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներ»:

Վերակոչելով այն իրողութիւնը թէ 2019-ին Ամերիկայի ներկայացուցիչներու Տունն ու Ծերակոյտը բացարձակ միաձայնութեամբ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ծերակուտականները կը պահանջեն Սպիտակ Տունէն, յստակացնելու իր դիրքը, ինչպէս զոյգ մարմինները ըրած են անցեալ տարի:

Ծերակուտական Մենենտեզ անդրադառնալով 2019ի թուականի Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ամերիկեան Քոնկրէսի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին յաղթանակին, այսպէս արտայայտուեցաւ Armenian Assembly-ի կողմէ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած առցանց (video-conference)-ի ընթացքին:

«Մենք յարատեւեցինք եւ վերջապէս ծերակոյտը ընդդիմացաւ Թուրքիոյ սուտերուն եւ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Դեկտեմբեր 2019-ին:

Ի՞նչ են բանաձեւին տրամադրութիւնները.

1.- Յիշատակել Հայկական Ցեղասպանութիւնը Պաշտօնական Ճանաչումով եւ ոգեկոչել:

2.-Միացեալ Նահանգները կը մերժէ ամէն ճիգ՝ որեւէ հատուածի կողմէ, ժխտելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

3.-Քաջալերել դաստիարակութիւնն ու հանրային հասկացողութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւններուն առնչութեամբ, վեր առնելով Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը մարդասիրական մարզէն ներս:

Armenian Assembly-ի գործադիր Տնօրէն Պրայըն Արտունի հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարած է 38 Ծերակուտականներու կողմէ նախագահ Պայտընի յղուած հաղորդագրութիւն-նամակին կապակցութեամբ:

«Մենք կը ծափահարենք Ծերակուտական Պօպ Մենենտեզին ու իր գործընկերներուն: Այսօր 38 Ծերակուտականներու նախաձեռնութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը տակաւ կը գօտեպնդէ: Ամերիկայի մարդասիրական օժանդակութիւնը Ցեղասպանութեան շրջանին, մեր դիւանագէտներուն արտակարգ ճիգերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անհատ ամերիկացիի օգնութիւնը փրկելու հայ ժողովուրդը՝ իսկապէս աննախընթաց երեւոյթներ են»:

«Մեր պատմութեան մէջ հպարտառիթ է այս: Մենք կը ստիպենք նախագահ Պայտընին հաստատելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին