Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն խումբ մը ընկերներ, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի ու ընկերակցութեամբ Ընկերներ Վիգէն Թոսունեանի, Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Վաչէ Տօներեանի, Վիգէն Ասիլեանի, Սահակ Թաշճեանի եւ Վազգէն Ժամկոչեանի, հանդիպում մը ունեցան Կուսակցութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցող մտաւորական ընկերներ Օհան Պոտրումեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ Պարոյր Աղպաշեանի հետ:
Այն կուսակցութիւնը, որ իր մտաւորականութեան կարծիքը չ’առներ եւ իր ժողովուրդին բազկերակը չի կարդար, կը մնայ խզուած իրականութենէն եւ բանականութենէն ու կը դառնայ ճահճացած: Սփիւռքի վիճակը ասոր ամենամեծ փաստն է: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ յարգած է իր մտաւորականները եւ այդ կը համարուի իր յաջողութեան գործօններէն մէկը: Այս անգամ ալ մեր երէց ընկերները տուին իրենց կարծիքը մեր ազգը տագնապեցնող հարցերուն շուրջ: Անոնք մեր հարցերուն լուծումը գտան երկխօսութեան մէջ: Երկխօսութիւն, որ պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումին: Պիտի բարձրացնէ հայ մարդը: Ռամկավարութիւնը ամենալաւ լուծումն է մեր հարցերուն: Ընտրել բանականութեամբ օժտուած մարդիկ մեր ժողովուրդը առաջնորդելու համար ալեկոծ ծովերու մէջէն: Առանց իսկական ռամկավարութեան չկայ լուծում մեր հարցերուն: Անձնական շահերու համար կուսակցութեան վնաս հասցնելը անբարեխիղճ գործ է, որ ուշ թէ կանուխ պիտի գտնէ իր լուծումը: Վերջին տարիներուն արձանագրուած անձնական շահերէ մղուած երկփեղկումներու լուծումը դարձեալ իսկական ռամկավարութիւնն է:
Վարչութեան ընկերները գնահատեցին մեր մտաւորական ընկերներու կատարած աշխատանքը եւ զանոնք տեղեակ պահեցին վերջին անցուդարձերէն, կուսակցութեան քաղաքականութենէն եւ առին անոնց կարծիքը ազգային հարցերու շուրջ:
Մեր երէց ընկերները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս հանդիպումին համար եւ խոստացան իրենց կարելին ընել մեր ազգի եւ Կուսակցութեան բարօրութեան համար:
Հանդիպումի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:
Թղթակցութիւնը՝
Վիգէն Թոսունեան