Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ Սփիւռքի հարցերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Լիբանան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար, Հայկակ Արշամեան՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, Վարագ Սիսեռեան՝ ՀՀ փոխ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, Սառա Անճառկոլեան՝ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի աշխատակազմի ղեկավար:  Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Պատուիրակութիւնը Լիբանան հասած էր Հայաստանին կողմէ երեք հանգրուաններով Լիբանանին համար կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին հանգրուանին թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը Վեհափ առ Հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:

 

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ ու նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին Կաթողիկոսարանի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին