Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

Ես Գիտեմ

Հասարակական ու միութենական կեանքէն ներս, ընդհանրապէս փորձած եմ խուսափիլ այն մարդոցմէ որոնք յաճախ կ’օգտագործէին «ես գիտեմ»-ը: Վերջերս յարգելի խմբագիր մը «գիտեմճիութիւն» եզրոյթն ալ օգտագործած էր: Սակայն այսօր, մեր հարազատ ու սիրելի Պէյրութին պատուհասած աննախադէպ փորձանքին ի տես, թոյլ տուէք ըլլալ անհամեստ եւ հաստատել, այո» ես գիտեմ:

Ես գիտեմ թէ հիմա ամբողջ Լիբանանահայութիւնը ապրելու, յարատեւելու եւ վէրքերը ամոքելու ինչպիսի կամք պիտի դրսեւորէ: Եւ այս՝ քանիերորդ անգամ: 1970-ականներուն մեր հայրերուն սերունդն էր: Յետոյ՝ մեր սերունդը, ապա այժմ՝ մեր զաւակներուն սերունդը: Սակայն ես խուճապահար չեմ, ես լաւ կը ճանչնամ մեր ժողովուրդը: Ես տեսեր եմ թէ իմ հօրս ընկերները ինչպէս իրարու կ’օգնէին, երբ Պուրճի հայկական վաճառատուները փակուեցան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Կը յիշէ՞ք սեղանիկները ուր մեր հայրերն ու մեր դրացիները ծխախոտ, պաթարիա, ծամոն, շոքոլա եւ այլ մանրուքներ կը ծախէին իրենց ընտանիքները պահելու համար:

Ես տեսեր եմ հօրս սերունդի այն կամաւոր միութենականներուն աշխատանքը, որոնք 1978-ի ռմբակոծումներէն վերջ հայկական աւերուած տուները կ’այցելէին գնահատելու նիւթական վնասները, յետագային այդ տուները, եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները վերաշինելու համար: Անոնք մեր այրած տունն ալ եկան: Ես 14 տարեկան պատանի հօրս քով ծուարած զիրենք կը դիտէի պատկառանքով: Այդ սերունդի մարդիկ՝ մեր հայրերը, հօրեղբայրները, քեռիները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները, մաքինիսիէններն ու ատաղձագործները, ոսկերիչներն ու կօշկակարները, այդ քիչ խօսող բայց վստահութիւն ներշնչող լուրջ անձնաւորութիւնները, վերականգնեցին ոչ միայն շինութիւնները այլ գաղութային կեանքը: Կարծես վրէժ լուծելու համար անոնք առաւել եւս աշխուժացուցին Լիբանանահայ կեանքը: Զարկ տրուեցաւ խնամատարական-առողջապահական ոլորտին՝ ԼՕխ-ի Պուլղուրճեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ու Հ.Կ.Բ.Մ.ի դարմանատուներ: Ռումբերուն տակ չդադրեցան թերթերն ու պարբերականները, թատրոններն ու պարախումբերը: Այս բոլորին աւելցան նաեւ ռատիոկայանները:

Այո, այս մեր հայրերուն սերունդը «ինչեր ասես որ չեն տեսել». աւելին՝ ինչեր ասես որ անոնք չեն իրագործած, եւ այն ալ ի՜նչ պարտաճանաչութեամբ:

Լիբանանահայ գաղութի վերապրումի մեր երէց սերունդին պատգամը մեր սրտերուն մէջ, մեր սերունդը ասպարէզ իջաւ 1980-ականներու վերջին: Դարձեալ աւեր, դարձեալ պատերազմ 1989 եւ 1990 թուականներուն: Եւ ահա այն զարմանալի եռուզերը՝ գոյատեւելու, յարատեւելու, վէրքերը ամոքելու Լիբանանահայուն անկոտրում կամքը անգամ մը եւս ինքզինք պարտադրեց ամբողջ 1990-ականներուն: Այդ հոյակապ վերակերտումի ականտեսն ու մասնակիցը դարձանք մենք, մեր սերունդը: Դարձեալ ժողովներ, համագաղութային կազմակերպուած վերականգնումի նախաձեռնութիւններ (Տիկին Սաթենիկ Մանուկեանին հետ ես կը ներկայացնէի Հ.Բ.Ը.Մ.ը Միջ-Բարեսիրական ժողովներուն, ատենապետութեամբ Հայկ Թիլպեանին՝ երկուքն ալ հանգուցեալ):

Քանի որ ես ի պաշտօնէ ընդգրկուած էի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխատանքներուն մէջ, հպարտութեամբ կ’արձանագրէի, եւ այս անգամ ոչ թէ դասագիրքերէն, ոչ թէ մեծերուն պատմածներէն, այլ անձնական փորձառութեամբ թէ ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ը արագ ու գործնական կը հասնէր մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Իսկապէս ինծի համար պատիւ էր ծառայել իմ գաղութիս Հ.Բ.Ը.Մ.ի միջոցաւ:

Սկսած Նիւ Եորքի Կեդրոնական Վարչութենէն մինչեւ գետնի վրայ Միութեան պաշտօնեաներն ու Միութենական կամաւորները, բոլորը զարմանալիօրէն ունէին այն գիտակցութիւնը թէ նաեւ իրե’նց ջանքերով պիտի յաղթահարուէր այս պատուհասը: Նաեւ իրե’նց մեծ կամ փոքր ներդրումով Լիբանանահայ գաղութը անգամ մը եւս պիտի կարողանար ջախջախել  յուսահատութեան զգացումը, բարոյալքութիւնը. պիտի վերահաստատէր հաւատքը դէպի մայրենիներու երկիրը: Ի վերջոյ այս այն գաղութն էր ուր գործեր էին Սիմոն Վրացեանն ու Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Անդրանիկ Ծառուկեանը, Մուշեղ Իշխանն ու Վահէ Վահեանը, Փարունակ Թովմասեանն ու Հրաչեայ Սեդրակեանը, Արսէն Կիտուրն ու Յարութիւն Կուժունին:

Ահա այսպիսի ենթագիտակցական գրգիռներով առաջնորդուած, քանի մը օրուայ մէջ Լիբանանահայ գաղութը վերադասաւորեց իր ներուժը: Մեր պարագային Խալիլ Պատաուիի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դարմանատունը, այդ քանի մը սենեականոց բժշկական կեդրոնը,1989-1990 թուականներուն դարձաւ Լիբանանահայութեան օգնութիւն հասցնելու կարեւոր կեդրոններէն մին:

Մեզմէ առաջ այս գործը ձեռնհասօրէն կատարեր էին Սարգիս Մինասեանները, Արա Թօփճեանները, Վազգէն Պօյաճեաններն ու Սիլվա Ճիկերեանները: Այժմ հերթը մերն էր: Ժիրայր Դանիէլեաններ (առողջութիւն սիրելի Դանիէլեանին) եւ Հանրի Ուրֆալեաններ. Յարութ Մակարեաններ, Թագուհի Լեփեճեաններ ու Փիթըր Ուրֆալեաններ. ըսթեզ Յովակիմներ, ըսթեզ Նորայրներ եւ Յակոբ Տիւնեայաններ, բոլորը պատրաստ էին ռումբերուն տակ ներկայանալու եւ անտեսելով բոլոր վտանգները լծուելու Լիբանահայութեանը օժանդակելու գործին:

Այս բոլորը անշուշտ առաջնորդութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ.Ե.Ը.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ ու անցեալ անդամներուն, որոնք պատնէշի վրայ էին: Անոնք  միշտ աչալուրջ էին, միշտ հաւասարակշռուած, միշտ վստահութիւն ներշնչող: Անոնցմէ ոմանք ափսոս չկան այսօր, բայց միշտ պիտի յիշուին այդ օրերու Բարեգործականի «աղաները»: Կարպիս եւ Նուպար Նազարեաններ, Յակոբ Ալթունեան, Տեմիրճեան եղբայրներ, Կարպիս Մարգարեան, Մայք Մարտիրեան, Արմէն Յարութիւնեան, Սարգիս Պչաքճեան եւ ուրիշներ:

Տասնեակ հարիւրաւոր Միութենականներ, հաւատալով ու վստահելով այս Միութեան, նուիրուեցան ու գործեցին անսակարկ: Ես գիտեմ այսօր նոյնպէս նոյն իրավիճակն է: Պէտք չունիմ անձամբ Պէյրութ գտնուելու զգալու այն Հ.Բ.Ը. Միութենական ջերմեռանդութիւնը, այն ծառայելու ոգին, որ կ’առաջնորդէ Բարեգործականի անդամները: Ես գիտեմ որ այժմու «նազարեաններ»ն ու «տեմիրճեաններ»ը արդէն զօրաշարժի ենթարկած պիտի ըլլան Միութեան բոլոր կառոյցները: Ես գիտեմ որ մեր Միութիւնը պիտի չսպասէ որպէսզի կարիքաւորները գան ու դիմեն օգնութեան համար: Ես գիտեմ որ Բարեգործականը պիտի երթայ ու գտնէ զանոնք: Ինչպէս մենք ըրինք երթալով Այնճար ու Զահլէ նիւթապէս օժանդակելու Պէյրութէն ճողպրած հայրենակիցներուն: Ես գիտեմ որ կայծակի արագութեամբ Նիւ Եորքէն յաւելեալ օժանդակութիւնները ճիշդ ժամանակին պիտի հասնին: Մի հարցնէք թէ ինչպէս: Այն ժամանակ Լուիզ Սիմոնը հիմա ալ Պերճ Սեդրակեանն ու մեր Լիբանանի Բարեգործականի «աղաները» գիտեն թէ ինչպէս: Ուղղակի վստահեցէք իրենց:

Այժմ կը նայիմ դիմատետրի մէջ տեղ գտած Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանակի տեղադրած նկարներուն: Տխուր եւ ուրախ զգացումներ կը պատեն սիրտս: Իմ ծննդավայրս, մեր սիրելի Լիբանանը դարձեալ վիրաւոր է, դարձեալ պատուհասուած: Այդ նկարներուն մէջ կը տեսնեմ ծանօթ ու սիրելի Միութենականներու դէմքեր: Ես գիտեմ թէ ինչ զգացումներով անոնք նստած են այնտեղ: Այդպէս մենք կը նստէինք Կարպիս Նազարեանին ու Յակոբ Ալթունեանին գրասենեակներէն ներս: Բայց ես խուճապ չեմ տեսներ այդ նկարներուն մէջ: Ճիշդ այնպէս ինչպէս խուճապ չկար մեր հոգիներուն մէջ 1989-1990-ին երբ կը նստէինք Յ. Ալթունեանի Ապրոյեանի գրասենեակին մէջ:

Ես տխուր եմ այո, սակայն միեւնոյն ժամանակ ուրախ, որ իմ սիրելի Հ.Բ.Ը.Մ.էն ներս բան չէ փոխուած: Սերունդներ կ’երթան, նոր սերունդներ կու գան եւ մեր փառապանծ Միութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշին վրայ, միշտ պատրաստ զինք ծնող ժողովուրդին անշահախնդիր ծառայելու:

Այսօր Լիբանանը վիրաւոր է եւ մեր բոլորին պարտքն է անյապաղ օգնութիւն փութացնել: Արդէն ամէն կողմ դրամահաւաքներ են: Ես գիտեմ, ես վստահ եմ որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը ինչպէս եւ միւս միութիւնները առանց երկմտելու օգնութեան ձեռք պիտի մեկնեն Լիբանանին: Անգամ մը եւս պիտի փաստուի, որ Լիբանանահայութիւնը մինակ չէ, որ որեւէ հայ համայնքի դժբախտութիւն, ամբողջ ժողովուրդին համար մարտահրաւէր է: Երէկ Հալէպն էր, յետոյ Տաւուշը, իսկ այսօր Պէյրութը: Դուք առանձին չէք, ամուր մնացէք:

 

ՍԵՊՈՒՀ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին