Բենիամին Նուրիկեան (7 Օգոստոս 1894 – 6 Փետրուար 1988), ամերիկահայ արձակագիր։
Բենիամին Նուրիկեան ծնած է Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը։ Յաճախած է Խարբերդի կեդրոնական վարժարանը, աշակերտելով Թլկատինցիի։ 1913 թուականին մեկնած է Ամերիկա, ուր հետեւած է Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանի գրական-պատմագիտական ճիւղերուն։ Ստացած է «Պսակաւոր Արուեստից» (1920) եւ «Մագիստրոս Արուեստից» (1921) կոչումները։
Աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերականներուն։ Յետագային գրած է պատմուածքներ, ուղեգրութիւններ եւ այլն։
1936 թուականին հիմնած է «Նոր գիր» պարբերականը՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի հետ։ 1938-1954-ին շարունակած է զայն հրատարակել որպէս եռամսեայ՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Ունի թարգմանական աշխատանքներ։
1937-ին հրատարակած է պատմուածքներու իր առաջին հատորը՝ «Այգեկութք»։
1958-ին, Երեւանի մէջ, պետական հրատարակչութեամբ լոյս կը տեսնէ երկրորդ հատորը՝ «Պանդուխտ Հոգիներ», իսկ 1978-ին՝ դարձեալ Երեւանի մէջ, «Սովետական գրող» հրատարակչատան կողմէ՝ «Կարօտ հայրենի» հատորը, հինգ ստորաբաժանումներով (Հայրենաբաղձ գրողը պանդխտութեան ճամբուն վրայ, Ծաղիկներու աշխարհը, Գիւղէն Սփիւռք, Գալիֆորնիա եւ Գրական դէմքեր)։ Իր պատմուածքներուն մէջ ստեղծած է գունեղ ու տպաւորիչ կերպարներու ամբողջ շարք մը։
Նուրիկեան կազմած ու խմբագրած է «Թլկատինցին եւ իր գործը» (1927) գիրքը։ Անտիպ կը մնան «Արիւնող սրտեր» անունին տակ խմբուած իր գրական եւ խմբագրական կարգ մը էջերը։
Նուրիկեան հակառակ փոքր տարիքէն Ամերիկա հաստատուած ըլլալուն, ստեղծագործութիւններուն հիմնական նիւթ դարձուցած է հայրենի երկիրը, հեռուն մնացած իր գիւղը, աշխատաւոր մարդը՝ իր մռայլ ու դառն առօրեայով։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը