Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Կալիա Նովենց

Կալիա Նովենց (10 Յուլիս 1937, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն — 22 Յուլիս 2012, Երեւան, Հայաստան), թատրոնի եւ շարժանկարի հայ դերասանուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արթիսթուհի (2007), հայ բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեանի կինը, Յակոբ Ղազանչեանի մայրը։

Նովենց 1958-ին՝ կ’աւարտէ Երեւանի Պետական Թատերական Ուսումնարանի դերասանական բաժանմունքը եւ աշխատանքի կ’անցնի Կապանի պետական թատրոնին մէջ։ Այնուհետեւ երկար տարիներ ան աշխատած է Սունդուկեանի անուան ակադեմիական, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան, Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան, Սօս Սարգսեանի գլխաւորած «Համազգային» թատրոններուն մէջ:

Կեանքի վերջին տարիներուն ան Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնի դերասանուհի էր։ Հայ թատրոնի եւ շարժանկարի նշանաւոր վարպետ Կալիա Նովենց հայկական շարժանկար բերաւ հայ կնոջ կերպարը, անոր տառապանքներն ու լուռ հեծեծանքները։ Աւելի քան 50 դեր թատրոնի մէջ, ռատիոբեմադրութիւններու մէջ, հարիւրէ աւելի կրկնօրինակումներ, բայց այս բոլորին կողքին դերասանուհիին մեծագոյն ներկայութիւնը շարժանկարի մէջ էր, ուր ան նկարահանուեցաւ «Բարեւ, ես եմ», «Մենք ենք, մեր սարերը», «Այս խաչմերուկում», «Հին օրերի երգը», «Նահապետ», «Մեր մանկութեան թանկոն», «Գիքորը», «Սպիտակ անուրջներ», «Կտոր մը երկինք», մօտ երեք տասնեակ շարժանկարներու մէջ:

Արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ պարգեւներու, եղած է ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր եւ միջազգային շարժանկարի փառատօներու մրցանակակիր։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին