Հելէն Ատամս Քելլըր (անգլերէն՝ Helen Adams Keller, 27 Յունիս 1880, Տասկամբիա – 1 Յունիս 1968, Իսթըն), կոյր եւ խուլ ամերիկացի գրող, հասարակական գործիչ, ուսուցչուհի։ Ան եղած է առաջին կոյր եւ խուլ անձնաւորութիւնը, որ ստացած է պաքալորէայի աստիճան արուեստի բնագաւառին մէջ: Քելլըրի ուսուցչուհի Էնն Սալիւանը սորվեցուց աղջնակին հաղորդակցիլ արտաքին աշխարհի հետ։ Այս պատմութիւնը ներկայացուած է հանրայայտ The Miracle Worker (Հրաշքներ Գործողը) ֆիլմին մէջ։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը