Պատմութիւնը միշտ ալ հանդիսացած է շառաչուն ու խօսուն փաստ, որ կը կրէ աւելի քան մէկդարեայ իմաստացած կնիք, որուն հաւատքի, համոզումի ու վառ տեսիլքի վրայ հիմնուած գոյութիւնը եւ առ այսօր շարունակուող բարի առաքելութիւնը, անկասկած որ անցնող ժամանակաշրջանին եղած է փրկարար ու խնամակալ՝ միշտ անխտրական ու անկողմնակալ վարքագիծով, իսկ այսօր նոյնքան եւ աւելի: Ակնարկութիւնս կը վերաբերի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:
Եւ արդարեւ, շնորհիւ տարուած ու դեռ եւս տարուող այդ ազնիւ առաքելութեան, մարդասիրական այդ առաքինի եզակի քայլին, ՀԲԸՄ-ի գուրգուրոտ ու խնամատար ձեռքը տարիներ շարունակ եւ մինչեւ օրս, հասած է իւրաքանչիւր կարիքաւոր հայուն, գաղութէ գաղութ, որպէսզի սփոփուին հոգիները բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք կը գտնուին կամքէ անկախ ստեղծուած դժուարին պայմաններու մէջ:
Եւ արդարեւ, այսօր, երբ աշխարհի վրայ կը տիրէ տնտեսական սուր տագնապ, պատերազմ կամ համաճարակ, մենք ՀԲԸՄ-ը դարձեալ կը տեսնենք բարեգործութեան նոյն ու աւանդական հարթակին վրայ, ուր ան իր հինէն եկող բարի սովորութեամբ կու գայ սատար հանդիսանալ հայ ընտանիքներուն, հաւատալով իր առաքելութեան ազգօգուտ դերին:
Բոլորս ալ գիտենք ու վերահաս ենք այսօր, որ Լիբանանէ ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին անսպասելիօրէն յաջորդեց «Քորոնա»-ի համավարակը՝ որուն պատճառով այսօր ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, լիբանանահայ զանգուածներ եւս որպէսզի համաճարակը չհասնի մեր տուները, ամփոփուած են իրենց բնակարաններէն ներս, եւ սակայն այդ հայրենակիցներէն շատեր կամքէ անկախ կը գտնուին ոչ բաղձալի եւ դժուար վիճակներու մէջ, երբ չկայ գործ, աշխատանք կամ առօրեայ եկամուտ:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ