Հերանուշ (Նարգիզ) Արշակեան (28 Յուլիս 1887, Պէշիկթաշ – 27 Մարտ 1905, Պոլիս ), գրագիտուհի։
Ծնած է Պոլիս, Պէշիկթաշ թաղը, դուստր՝ ազգային յայտնի գորձիչ Յակոբ Արշակի։ 1897 թուականին Մագրիգիւղի (այսօր՝ Պաքըրգիւղ) քոյրերու վարժարանը յաճախած մէկ ու կէս տարի, յետոյ ծննդավայրին Մաքրուհեան վարժարանը։ Մահէն երկու տարի առաջ գացած է բնակիլ Ետիքուլէէ դուրս՝ Վալիտէ-Սուլթան ագարակն, ուր ալ կը մահանայ 27 Մարտ 1905 թուականին հիւծախտէ։
Այդ մենաւոր առանձնոցին մէջ էր որ արտադրեց զգայուն, քնքուշ եւ սիրային բանաստեղծութիւններ՝ որոնցմէ մէկ քանին յետ մահու երեւցան «Ծաղիկ» կանանց հանդէսին մէջ։
Իր յիշատակն անմահացուցած է հօրեղբայրը՝ Հրանդ Նազարեանց. 1909-ի վերջերը լոյս ընծայելով գրքոյկ մը «Հերանուշ Արշակեան, իր կեանքն ու իր բանաստեղծութիւնները» մակագրութեամբ։ Ոտանաւորներէն զատ՝ կը թողու կարգ մը արձակ էջեր, նորավէպներ եւ «Քաոսը» անուն ստուար վէպ մը: