Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Թորոս Թորամանեան

Թորոս Թորամանեան (18 Մարտ 1864, Շապին Գարահիսար, Օսմանեան Կայսրութիւն — 1 Մարտ 1934 կամ 3 Յունուար 1934, Երեւան), նշանաւոր ճարտարապետ:

Ծնած է Փոքր Հայքի Շապին Գարահիսար քաղաքին մէջ (ուր ծնած է նաեւ Զօրավար Անդրանիկը) 1864 թուականին, հողագործի ընտանիքի մը մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ։ 1883 թուականին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, աշխատած է որպէս ատաղձագործի աշակերտ: 1888-1893 թթ. սորված է Կ.Պոլսոյ Կայսերական Գեղարուեստից ճեմարանի ճարտարապետական բաժնին մէջ։ 1896-1900 թթ. ապրած է Պուլկարիոյ մէջ, զբաղած է շինարարութեամբ: Սակայն անոր շատ աւելի կը հետաքրքրէր ճարտարապետութեան տեսութիւնը: 1900 թուականին կը մեկնի Յունաստան, ապա Եգիպտոս եւ Իտալիա[3]: 1902 թուականին եղած է Փարիզ, ուր ունկնդրած է դասախօսութիւններ արուեստի մասին, զբաղած է արեւելեան հնագիտական առարկաներու ուսումնասիրութեամբ: 1903, 1905-1909 թթ. յայտնի հնէաբան Նիկողայոս Մառի հետ միասին մասնակցած է Անիի մէջ տարուող պեղումներուն, կատարելով անոր աւերակներու ողջ ճարտարապետական նիւթի յատակագծերը, նկարները, կտրուածքները եւ վերակազմութիւնները: Իր աշխատանքներով Թ. Թորամանեանը կը յեղաշրջի կատարելու համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ, ներկայացնէ հայկական ճարտարապետութեան ծագումը եւ զարգացման շրջանները:

20-րդ դարու սկզբին Թ. Թորամանեանի ջանքերով Զուարթնոցի աւերակները դուրս բերուեցան հողի դարաւոր շերտերու տակէն: Թորամանեանի մանրամասն ուսումնասիրութիւնները վերականգնեցուցին տաճարի իսկական պատկերը: Յայտնի դարձաւ, որ տաճարը եղած է բոլորակ, եռայարկ, հայկական թմբուկով, գմբեթաշէն ինքնատիպ կոթողով մը: Երբ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուեցաւ Գագիկ թագաւորի արձանը՝ Գագիկաշէն Սբ.Գրիգոր տաճարի մանրակերտը ձեռքին, հաստատուեցաւ, որ Թորամանեանին յաջողած էր Զուարթնոցի յատակագծի ուսումնասիրութեամբ ճշգրտօրէն յայտաբերել շինութեան տեսքն ու ձեւը, քանի որ համաձայն պատմիչի Գագիկաշէնը Զուարթնոցի կրկնութիւնն էր:

1921 թ.-ին ԵՊՀ-ի մէջ դասախօսութիւններ տուած է Հին Հայաստանի ճարտարապետութեան պատմութեան մասին:

Թորամանեանը մահացած է 1934 թուականին Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Հրազդան գետի ափին:

Հայաստանի մէջ սահմանուած է Թորոս Թորամանեանի անուան մրցանակ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին