Ստեփան Չորլեան (13 Մարտ 1854, Մունճուսուն, Կեսարիոյ գաւառ – 15 Մայիս 1921), դեղագործ։
Ծնած է 1854 թուականի Մարտ 13-ին, Կեսարիոյ գաւառի՝ Մունճուսուն գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծխական դպրոցէն ներս։ Մեկնած է Թուրքիոյ եւրոպական մասը ապրող ազգականին քով եւ այդտեղ շարունակած է ուսումը։ 1873-76 թուականներուն ուսանած է Կ․ Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանին մէջ։ 1876 թուականին վերադարձած է ծննդավայր ու հիմնած է դեղատուն։ Շուտով դարձած է գիւղի հմուտ դեղագործն ու բժիշկը։ 1880 թուականին փոխադրուած է Կեսարիա եւ «Ուզուն Չարշը»ի մէջ («Երկար շուկայ») դեղատուն բացած է։ Կարճ ժամանակի մէջ, նուաճած է տեղի բնակչութեան համակրանքը։
1900 թուականին, տեսնելով Կեսարիոյ Աւետիսականներու բեմը դատարկ, կիրակի օրերը քարոզներ տուած է եւ հաւատացեալ ժողովուրդին գոհացուցած է իր քարոզներով։ 1903 թուականին անբասիր գործունէութեան համար երախտապարտ հաւատացեալներէն ոսկեզօծ Աստուածաշունչ նուէր ստացած է։ 1907-1908 թուականներուն՝ Թալասի ամերիկեան հիւանդանոցի դեղատան մէջ, դեղագործ աշխատած է եւ օգնած բժիշկ Տատտին։
1910 թուականին մեկնած է Եգիպտոս եւ մէկ տարի մնացած Աղեքսանտրիա` եղբօր քով։ 1911 թուականին, վերադառնալով Սէթէն Էօնիւ, աշխատած՝ Իսբէնճեան դեղատան տնօրէն։ Յաճախ գացած է մօտակայ գիւղերը` քարոզելու, բժշկելու, աղքատներուն դեղ բաժնելու։ 1913 թուականին գնած է Պէօրեկճի Չարշըսըի մէջ («անուշեղէններու շուկայ») Գալթաքճեաններուն պատկանած դեղի մթերանոցը։
1915 թուականի տեղահանութեան ժամանակ, կառավարութեան հրամանով, Ս. Չորլեանի ընտանիքն ու ազգականները աքսորի չեն ենթարկուած։ Պատերազմի ընթացքին աշխատած է Կեսարիոյ մէջ։ 1917 թուականի Յուլիսին՝ Մունճուսուն-Կեսարիա ճամբուն վրայ, գողերը կողոպտած եւ դանակահարած են զինք։ Մահէ փրկուած է հրաշքով։ 1920 թուականի վերջերուն ձերբակալուած է որպէս յեղափոխական եւ բանտարկուած ի թիւս շարք մը ակնառու անձանց։ Մէկ ամիսէն ազատ արձակուած է՝ առողջութիւնը ի սպառ քայքայուած եւ հիւանդ վիճակի մէջ։
Մահացած է 1921 թուականի Մայիս 15-ին՝ 67 տարեկան հասակին։ Կինը եւ երեք աղջիկները տեղափոխուած են Աղեքսանտրիա։