Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սիմոն Սիմոնեան

Սիմոն Սիմոնեան ( 24 Մարտ 1914 Այնթապ – 11 Մարտ 1986, Պէյրութ ), հայ գրագէտ: «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» տպագրատան ու հրատարակչատան (Պէյրութ) հիմնադիրն է։

Ծնած է Այնթապ: Անդրանիկ որդին է սասունցի ծնողներու։

Իր նախակրթութիւնը ստացած է Այնթապ, մինչեւ 1921։ Այդ թուականին ընտանեօք բռնագաղթուած ըլլալով, իր ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան, կիլիկեան գաղթականաց, Լատիններու, Ֆրեր մարիզներու վարժարաններուն մէջ։ 1926-1930 յաճախած է Հալէպի կրթասիրացը։ Այնուհետեւ առաջին ուսանողը կը հանդիսանայ Անթիլիաս մէջ եւ առաջին շրջանաւարտը՝ 1935-ին դասընկերակցութեամբ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ այլոց։

1954–ին կ՛ուղարկուի Սովետական Հայաստան, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան, որպէս անդամ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի պատուիրակութեան։

1955-ին հրաժարելով Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի իր բոլոր պաշտօններէն, կը հիմնէ իր սեփական տպարանը եւ «Սեւան» հրատարակչատունը։ Կ՛ամուսնանայ Մարի Աճեմեանի հետ եւ կը բախտաւորուին 5 զաւակներով ու թոռներով։

Պաշտօններ վարած է Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ։ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ աւանդած է գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Նաեւ պաշտօնավարած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններուն մէջ։

Հեղինակն է հայոց պատմութեան եւ մայրենի լեզուի դասագիրքերու։ Կատարած է բանասիրական աշխատանքներ։ Խմբագրած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթը։

1965-ին հրատարակած է «Արեւելահայ Գրականութիւն» մեծածաւալ հատորը, ինչպէս նաեւ «Հին Հայ Մատենագրութիւն»ը որպէս Ենթահող Արդի Գրականութեան (1975), Նորայայտ Տաղասաց մը, Ստեփանոս Դաշտեցի (1981)։

Գրել սկսած է ուսանողական գրասեղաններէն, աշխատակցելով պարբերական մամուլին։

Իր հրատարակած գրական գործերն են.

«Հայոց Երգիծական Պատմութիւն» (1965),

«Խմբապետ Ասլանի Աղջիկը եւ Սիփանայ Քաջեր» (1967),

«Լեռնականներու Վերջալոյսը»(1968),

«Սիփանայ Քաջեր, Բ. հատոր» (1970),

«Լեռ եւ Ճակատագիր»,

«Սիփանայ Քաջերու եւ Լեռնականներու Վերջալոյսը»-ի վերամշակուած հատընտիր երկերու Ժողովածոյ (1972),

«Անդամադրոս», վէպ (1981)։

Ունի նաեւ «Կը Խնդրուի… Խաչաձեւել» խորագրեալ իր ստորագրութիւնը կրող անդրանիկ գիրքը, այս գիրքը գեղարուեստակա՛ն ստեղծագործութիւն մըն է: Թուական` 1965: Նոյն տարին պիտի հրատարակուէր նաեւ իր հաստափոր «Արեւելահայ գրականութիւն»-ը, որ բանասիրական աշխատասիրութիւն մըն էր:

Սիմոն Սիմոնեանի պատմուածքները ինքնատիպ են իրենց նրբախոհութեամբ եւ ազնուականութեամբ։ Հեղինակը կ՛առինքնէ ընթերցողը իր ժողովրդականութեամբ, վառ երեւակայութեամբ եւ գունագեղ ոճով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին