Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Ծննդեան 150-Ամեակ. Անրի (Հենրի) Մաթիսի

20-րդ դարու տաղանդաւոր արուեստագէտ, ֆրանսացի գեղանկարիչ ու քանդակագործ, «ֆովիզմ» ուղղութեան հիմնադիր – ներկայացուցիչ՝ Անրի Մաթիսի ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի:

   Անրի Էմիլ Պէնուա Մաթիս ծնած է 1869թ. Դեկտեմբեր 31-ին, Ֆրանսայի Գաթօ Գամպէզի փոքրիկ քաղաքը: 1882-1887թթ.  միջնակարգ դպրոցը, ապա Սէն Քանթէնի Անրի Մաթենի վարժարանն աւարտելէ յետոյ, ան կը մեկնի Փարիզ, ուր կ’ուսանի Իրաւագիտութեան դպրոցին մէջ: 1888թ. աւարտելով ուսումը, Անրի կը վերադառնայ  Սէն Քաթէն եւ փաստաբանի քարտուղար կ’աշխատի:

1889-ին կոյր աղիքի վիրահատութիւնը ճակատագրական կտրուկ փոփոխութեան պատճառ կ’ըլլայ Անրիին համար. ետվիրահատական շրջանին մայրը անոր նկարչական իրեր կը նուիրէ: Սկիզբը Անրի գունաւոր բացիկներ կը կրկնօրինակէ, իսկ յետոյ կ’որոշէ նկարիչ դառնալ եւ կը մտնէ Քանթէն տէ լա Թուրի նկարչական դպրոցը: 1891-ին՝ ձգելով իրաւաբանական գործունէութիւնը, ան կ’երթայ Փարիզ եւ կ’ընդունուի Ժիւլեանի ակադեմիան: 1893-ին կը տեղափոխուի Փարիզի École Nationale Supérieure Des Arts Décoratifs բարձրագոյն դպրոցը: Ապա 1895թ. կ’ընդունուի Կիւսթաւ Մորոյի արուեստանոց՝ որպէս հրաւիրեալ ուսանող: Այդ շրջանին Անրին կը գտնուի ժամանակակից նկարիչներու եւ ճափոնական աւանդական արուեստի ազդեցութեան տակ։

   1896-ին Մաթիսը կը ծանօթանայ հռչակաւոր քանդակագործ  Օկիւսթ Ռոտենի, նկարիչ Էմիլ Պերնարի եւ Վինսենթ վան Կոկի ընկեր ու անոր գործերու մեծ հա-ւաքածոյի տէր՝ աւստրալիացի նկարիչ Ճօն Փիթըր Ռասէլին հետ: Ռասէլ Անրիին Վան Կոկի երկու աշխատանք կը նուիրէ, կը ծանօթացնէ անոր աշխատանքներու եւ, ընդհանրապէս «իմփրեսիոնիզմ» ուղղութեան հետ: Շփումը Ռասէլին հետ արմատական ազդեցութիւն կ’ունենայ Անրիին վրայ. աւելի ուշ ան իր ուսուցիչն ու գունային տեսութեան բացայայտողը անուանած է Ռասէլը:

   1896թ. Մաթիսի հինգ նկար կը ցուցադրուին Գեղեցիկ Արուեստներու Ազգային Միութեան Սալոնին մէջ: Երկու կտաւ կը գնուին կառավարութեան կողմէ, որոնցմէ՝ «Կարդացող Կինը»՝ Ֆրանսայի նախագահ Ռամպուի բնակարանին համար:

   Ցուցահանդէսէն յետոյ Անրի Մաթիսը կը դառնայ Գեղեցիկ Արուեստներու Ազգային Միութեան անդամ:

   1898-ին նկարիչը Ամէլի Փերէյրին հետ կ’ամուսնանայ՝ Լոնտոնի մէջ անցընելով մեղրալուսինը: Յետագային անոնք երկու որդի կ’ունենան: (Իսկ մինչ այդ՝ 1894-ին ան անօրինական դուստր մը կ’ունենայ իր բնորդուհի Քարոլինա Ժոլպոյէն):

   1890-1904 թուականներուն Մաթիսը փնտռտուքներու եւ ստեղծագործական որոնումներու մէջ կ’ըլլայ՝ փորձելով գտնել իր ուրոյն ուղին արուեստի մէջ: Ան կը սկսի խորութեամբ ուսումնասիրել հռչակաւոր նկարիչներու ստեղծագործութիւնները: Իր վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն Փոլ Սեզանի գործերը: Ան Սէզանը իր ներշնչանքը կը համարէր: Այս շրջանին, Մաթիսը կը ստեղծէ իր ամենայատնի կտաւներէն մէկը՝ «Պարը»: 

  1904թ. Յունիսին, Վոլմար Ամպրուազ պատկերասրահին մէջ կը բացուի Մաթիսի առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որ սակայն մեծ յաջողութիւն չի գտներ: Իսկ իր առաջին գլուխգործոցը՝ «Շքեղութիւն, Հանգիստ Եւ Վայելք» կտաւը կ’ըլլայ՝ ըստեղծուած 1904-1905 թթ: 

   1905-ին Մաթիսը, Անտրէ Տերէնի հետ կը ստեղծէ նոր ոճ մը, որ պատմութեան մէջ մտաւ «Ֆովիզմ» անունով. այդ ոճին բնորոշ էին հարթ եւ պարզ պատկերները, յստակ գիծերը եւ միագոյնութեան գերիշխումը։ Ֆովիզմի մէջ Մաթիսին յաղթանակ կ’ապահովէ «Գլխարկով Կինը» կտաւը: (Ֆովիզմը արուեստի մէջ որպէս ուղղութիւն տեւեց քանի մը տարի՝ 1904-1908թթ., եւ իր անունը ստացաւ համախոհ նկարիչներու՝ Մաթիսի, Տերէնի եւ Մորիս տե Վալամիքի կողմէն. ֆր.-fauve՝ վայրի, ազատ, այսինքն` ընդհանուր տիրող կանոնները չընդունող):

   Ֆովիզմի դերի շուտափոյթ նուազումը եւ խումբին լուծարումը ոչ մէկ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան Մաթիսի ստեղծագործական վերելքին վրայ։ Անոր լաւագոյն աշխատանքներէն մի քանիսը ստեղծուած են ճիշդ այդ ժամանակահատուածին։

   1906թ. Մաթիսը կը ծանօթանայ երիտասարդ նկարիչ Փապլօ Փիքասոյին հետ: (Փիքասօն անոր գլխաւոր մրցակից եւ ընկեր կը համարէր)։ Նոյն թուին Անրին կը ճամբորդէ Ալժիր եւ Պիսքրա օազիս ու կը տարուի իսլամական զարդանախշերու գծերով՝ արաբեսքա ոճով։ Այդ ժամանակ ան իր համար կը բացայայտէ ափրիկեան ժողովուրդներու քանդակագործութիւնը, կը սկսի հետաքրքրուիլ «փրիմիթիվիզմ»ով եւ դասական ճափոնական փայտափորագրութեամբ։ Այդ շրջանին է որ կը ստեղծուին նկարիչի առաջին վիմագրութիւնները՝ փայտի եւ խեցիի վրայ։

   Հետաքրքրական է որ «Կանաչ Երիզ» (հեղինակային անուանումը՝ «Մատամ Մաթիս») կտաւը, ուր հեղինակը պատկերած է իր կնոջը, ժամանակակիցներուն ապշեցուցած է իր «անճոռնիութեամբ»:Իսկ այսօր ան հազարաւոր տոլարներ կ’արժէ:

   Մատամ Մաթիսի սանտրուածքը հեղինակը վրձնած է սեւ ու կապտամանիշակագոյն երանգներով: Պայծառ վարդագոյն եւ գոց կանաչ երանգներով նկարուած դէմքի երկու կէսերը կը սահմանազատուին նկարի բանալին հանդիսացող տարրով՝ կանաչ երիզով: Այն կը հատէ մատամ Մաթիսի դէմքը՝ վերէն վար եւ կը շեշտադըրուի քիթին վրայ:

   Կտաւը «Կանաչ Երիզ» անուանումը ստացած է իր գնորդներէն՝ Սառա եւ Մայքլ Սթայններու կողմէն:

   Ինչպէս բոլոր հռչակաւոր մարդիկ, Մաթիսը եւս տարօրինակութիւններ ունէր. մինչ նկարել սկսիլը, ան մէկու մը խեղդելու սուր ցանկութիւն կ’ունենար….

*   *   *

   Մաթիսի վերջին ընդարձակ հարցազրոյցը առաձին գիրքով, ուր ան կը պատմէ իր արուեստի եւ հոգեկան վիճակին մասին, տպագրուեցաւ պատրաստ ըլլալէ 72 տարի անց՝ 2013թ. Սեպտեմբերին: Հարցազրոյցը կատարուած էր 1941թ.՝ քանի մը օր շարունակ, Լիոն եւ Նիցցա քաղաքներու մէջ: Մաթիս զայրացած էր որ հարցազրոյցը յապաւուած էր իր խօսքերը կրճատելու հաշւոյն՝ ձգելով 260 էջ միայն: Կրճատման պատճառ դարձած էին պատերազմական շրջանին թուղթի սակաւութիւնը եւ տպագրման ծախսերը կրճատելու անհրաժեշտութիւնը:

   «Դուք աղաւաղել կ’ուզէք իմ աշխատանքը, ես կամ կ’ընեմ լաւ, կամ ընդհանրապէ՛ս չեմ ըներ: Կամ կը տպագրէք 310 էջն ամբողջութեամբ, կա՛մ ընդհանրապէս չէք տպագրեր»,- ըսած էր Մաթիսը:

   Գիրքի խմբագիր, փրոֆէսօր Սերժ Կիլպօն նշած է, թէ Մաթիսի թոռան հետ երկարատեւ բանակցութիւններէն յետոյ միայն հնարաւոր դարձած է գիրքի ամբողջական տպագրութիւնը: 

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

                                                              

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին