Խ.- Այս հարցազրոյցը կատարուած է Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի Լիբանանի աշխատակազմին հետ, լուսաբանելու եւ մղելու լիբանահայութիւնը՝ մասնակցելու հարցազրոյցին մէջ նշուած օգտաշատ հարցախոյզին:
Հարցում.- Հաճիր նկարագրել Հայկական Սփիւռքի այս Հարցախոյզը:
Պատասխան.- Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աշխարհի տարբեր վայրեր գտնուող, Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու կարծիքը, կեցուածքը, մտահոգութիւնները պիտի մէկտեղէ եւ հետազօտական նպատակով տեղեկութիւններ հաւաքէ, գիտնալու համար որ 21րդ դարուն սփիւռքահայութիւնը ինչպիսի ներկայութիւն մը ունի, ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ 21րդ դարուն, եւ բաղդատել Սփիւռքի տարբեր հայ գաղութներու տեսակէտերը, ըմբռնումները, տարբեր հայ գաղութներու դիմագիծը:
Հ.- Ինչու՞ կարեւոր է այս հարցախոյզը:
Պ.- Կարեւոր է որովհետեւ, նախ չէզոք հարցախոյզ մըն է, որ պիտի ներառէ ամէն տեսակի հայեր՝ տարիքի, սեռի, քաղաքական, կրօնական, աշխարհագրական վայրի, տարբեր պատկանելիութիւն ունեցող անհատներ պիտի կարենան մասնակցիլ եւ ձեւով մը պիտի համախմբէ կարծիքը հայութեան տարբեր շրջանակներու, ինչ որ բաւական չէզոք եւ լայն պատկերը կու տայ սփիւռքահայութեան:
Հ.- Ուրիշ տեղ կատարուեցա՞ւ կամ պիտի կատարուի՞ այս հարցախոյզը: Ո՞վ է նախաձեռնողը:
Պ.- Հարցախոյզը կը կատարուի տարբեր երկիրներու մէջ: Անցեալ տարի կատարուած էր Մարսէի, Փասատինայի, Պոստոնի եւ Գահիրէի մէջ: Այս տարի ընտրուած է ուրիշ չորս շրջան՝ Լիբանան, Մոնրէալ, Ռումանիա եւ Արժանթին: Յաջորդ տարիներուն ալ պիտի շարունակուի ծրագիրը եւ կամաց-կամաց տարբեր հայկական համայնքներ պիտի ներառուին ծրագրին մէջ: Ծրագիրը նախաձեռնած է Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկը, եւ նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնադրամը:
Հ.- Ո՞վ կրնայ մասնակցիլ հարցախոյզին Լիբանանի մէջ:
Պ.- Լիբանանի մէջ հարցախոյզը պիտի տեւէ Սեպտեմբեր 30էն մինչեւ Նոյեմբեր 15: Այս հարցախոյզին կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանը ամբողջացուցած որեւէ հայ անհատ: Հայ անհատ երբ կ’ըսենք այնտեղ սահմանափակում չկայ ինչպիսի հայ ըլլալու: Եթէ անհատը ինքզինք հայ կը համարէ, ուրեմն կրնայ մասնակցիլ, անկախ որեւէ յարանուանական, քաղաքական պատկանելիութենէ, անկախ թէ ան համայնքին մէջ գործուն է, կապ ունի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ թէ չունի: Ծինային իմաստով ալ եթէ ծնողներէն մին հայ չէ, նոյնիսկ եթէ մեծհայր-մեծմայրերէն միայն մէկը հայ է՝ կրնայ մասնակցիլ հարցախոյզին: Այնքան ատեն որ ան ինքզինք հայ կը համարէ՝ կրնայ մասնակցիլ:
Հ.- Հարցաթերթիկը միալեզու՞ է:
Պ.- Հարցարանները չորս լեզուներով կարելի պիտի ըլլայ պատասխանել՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: Հետեւաբար, լեզուական ալ սահմանափակում չկայ, ոչ-հայախօս հայերն ալ պիտի կարենան մասնակցիլ:
Հ.- Ինչպիսի հարցումներ կը հարցուին հարցախոյզին մէջ:
Պ.- Հիմնական նիւթերը որոնք կ’արծարծուին կապ ունին ինքնութեան հետ, մշակոյթի, լեզուի, կրօնքի, համայնքի: Կան հարցումներ թէ՝ համայնքը ինչի՛ կարիքը ունի, ի՛նչպիսի գործունէութիւններու կարիքը ունի, եւ հարցումներ՝ պատասխանողին համայնքին մէջ ներգրաւուածութեան մասին. նաեւ կան հարցումներ որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հետ կապին, հաղորդակցութեան հետ եւ ընդհանրապէս՝ Սփիւռքի:
Հարցումներուն տեսակն ալ այլազան է. այսինքն կան հարցումներ որոնք անհատական կարծիք կը հարցնեն, կան հարցումներ որոնք տեղեկութիւն կը հաւաքեն, կան հարցումներ որոնք կապ ունին պատասխանողին ներաշխարհին հետ, օրինակ՝ թէ իրեն համար ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ, ինչի՛ կը կապէ ինք իր հայութիւնը, եւ կան հարցումներ որոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ ինչ ծրագիրերու կարիք կայ, այսինքն աւելի գործնական բնոյթ ունեցող հարցումներ ալ կան:
Հ.- Գաղտնիութեան հարցը՞:
Պ.- Պէտք է նշել որ հարցախոյզը անանուն պիտի ըլլայ եւ բոլոր հարցումներուն արդիւնքները պիտի ուսումնասիրուին-վերլուծուին իբրեւ խմբային պատասխաններ, քան թէ անհատական պատասխաններ: Այլ խօսքով, մէկ անձի պատասխանները կարելի պիտի չըլլայ վերլուծել առանձին: Վերլուծումը պիտի ըլլայ նիւթ առ նիւթ, համախմբելով այդ նիւթին կապուած բոլոր պատասխանները:
Հետեւաբար անկարելի է գիտնալ անձ մը ինչ պատասխանեց, ով էր այդ անձը: Արդէն հարցախոյզին անունով չըլլալը, անանուն ըլլալը հիմնական ազդակն է որ մարդոց անձնականութիւնը պահպանուի:
Հ.- Նման հարցախոյզ կատարուա՞ծ է Սփիւռքի մէջ:
Պ.- Չի թուիր որ այս տարողութեամբ եւ նիւթերու լայն ընդգրկունութեամբ նման հարցախոյզ մը եղած ըլլայ որ սփիւռքահայուն կարծիքը կը հարցնէ:
Հ.- Գործնական քայլերը ի՞նչ են:
Պ.- Կայ online հարցախոյզ եւ գրաւոր հարցախոյզ: Onlineի պարագային կայքէջ մը կայ՝ www.armeniandiasporasurvey.com , ուր մտնելով կարելի է չորս լեզուով հարցարաններուն հասնիլ: Անհատը կ’ընտրէ այն լեզուն զոր կը նախընտրէ, եւ կը լեցնէ համապատասխան հարցաթերթիկը եւ կը յանձնէ շատ դիւրութեամբ:
Միջին հաշուով պատասխանները կը տեւեն 30 վայրկեան: Իսկ գրաւոր (թուղթէ) հարցարանները լեցնելու համար պէտք է հետեւիլ թէ հարցախոյզ խմբակը ո՛ր թուականին ու՛ր ներկայ պիտի ըլլայ: Ցանկ մը ունինք վայրերու եւ թուականներու, որ թղթիկներով, որմազդերով եւ ընկերային ցանցերու վրայ սկսած ենք արդէն տարածել: Հոն նշուած է թէ ո՛ր կեդրոն ո՛ր օրը պիտի երթանք եւ այդ ժամերուն որեւէ անհատ կրնայ ներկայանալ տուեալ կեդրոնը եւ թուղթէ հարցարանը լեցնել եւ յանձնել տեղուոյն վրայ:
Հ.- Հարցախոյզը միայն Պէյրութի մէ՞ջ պիտի կատարուի:
Պ.- Հարցախոյզը միայն Պէյրութի համար չէ: Բացի Պէյրութէն պիտի երթանք նաեւ Ճիպէյլ, Թրիփոլի, Զահլէ եւ Այնճար:
Հ.- Արդիւնքներէն տեղեակ պիտի ըլլա՞նք:
Պ.- Արդիւնքը պիտի հրապարակուի կայքէջով: Այսինքն հասանելի պիտի ըլլայ բոլորին, հետեւաբար բոլոր անոնք որոնք պատասխանեցին, կրնան մտնել եւ տեսնել արդիւնքը: Յոյսը այն է որ այս հարցախոյզը կը ծառայէ գաղութի, համայնքի կազմակերպութիւններուն, ղեկավար մարմիններուն կամ հետազօտողներու, ուսումնասիրական խմբակներու յաւելեալ ուսումնասիրութիւն ընելու, կամ գաղութին վերաբերեալ համապատասխան քաղաքականութիւն որդեգրելու: Եւ առնուազն կ’օգնէ որ տեղեկութիւն մը, գաղափար մը ունենանք թէ ինչպէս կ’ապրի եւ ինչ կը մտածէ Սփիւռքի հայութիւնը:
Հ.- Անհատական, դէմհանդիման հարցազրոյցներ պիտի ունենա՞ք:
Պ.- Այո, պիտի ըլլան նաեւ սահմանափակ թիւով, դէմառդէմ աւելի խորացուած հարցազրոյցներ, qualitative interviews, որոնց մասնակիցները պիտի ճշտուին աւելի բարդ նախատուեալներու լոյսին տակ: Հարցազրոյցներուն ընթացքին աւելի խորքային քննարկում պիտի կատարուի այն թեմաներու շուրջ որոնք նաեւ կ’արծարծուին հարցախոյզին մէջ՝ ինքնութեան խնդիրներ, գաղութային կեանքէն ներս ներգրաւուածութիւն, Հայաստանի եւ այլ հայկական գաղութներու հետ կապեր: Այս հարցազրոյցները պիտի կատարուին տարբեր միջավայրերէ եկած եւ տարբեր յատկութիւններ ունեցող լիբանանահայերու հետ ապահովելու համար կարելի եղածին չափ լայն ներկայացուցչութիւն: