Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Աւրելիանոս

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լուսիոս Տոմիթէոս Աւրելիանոս (լատ.՝ Lucius Domitius Aurelianus, ծնած է սեպտեմբերի 9, 214, Սիրմիոյ մէջ, Պանոնիայ, Հռոմէական կայսրութիւն – մահացած է սեպտեմբերի 25, 275, Չորլու, Թեքիրդաղ, Թուրքիայ), Հռոմի կայսր 270 – 275 թթ.։ Գլաուտիոս Կոթացի կայսրին օրով զօրահրամանատար էր, Գլաուտիոսի մահէն ետք 270 բանակի կողմէն կը հռչակուի կայսր։ Սենատը անմիջապէս կը ճանչնայ Աւրելիանոսի լիազօրութիւնները։

Աւրելիանոսի կառավարումը նշանաւոր եղած է շարք մը փայլուն յաղթանակներով: Ան  ետ մղած է կայսրութեան Տանիւպեան սահմանի վրայ բարբարոսներու յարձակումները, ճնշած է Եգիպտոսի մէջ բռնկած ապստամբութիւնը եւ նորէն միացուցած է Կալլիան Հռոմէական կայսրութեանը։ Արեւելքի մէջ Աւրելիանոսը երկու կայծակնային ռազմարշաւներու, որպէս  արդիւնք ջախջախած  է Փալմիրայի տէրութիւնը՝ գերի վերցնելով անոր նշանաւոր թագուհին՝ Զենոբիան։

Բացի այս իրագործումներէն Հռոմ քաղաքը արտաքին թշնամիներու յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով Աւրելիանոսը շրջապատած է զայն 19.3 քլմ. երկարութիւն ունեցող հզօր պարիսպներով։ Ըրած է ֆինանսական համակարգի բարեփոխում՝ վերականգնելով հռոմէական դրամի արժէքը։ Պետական կրօն  հռչակած է Արեւի պաշտամունքը՝ հալածանքներ ծաւալելով քրիստոնեաներու դէմ։

Սպաննուած է պալատական դաւադրութեան որպէս արդիւնք։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին