Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սիրարփի Միհրան Տէր-Ներսէսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սիրարփի Միհրան Տէր-Ներսէսեան (1896, սեպտեմբեր 5, Կոստանդնուպոլիս – 1989, յունիս 5, Փարիզ), բիւզանդագէտ, միջնադարագէտ, արուեստաբան, հայագէտ։ ՀԽՍՀ ԳԱարտասահմանեան անդամ (1966)։

Ծնած է 1896ի սեպտեմբերի 5-ին Կոստանդնուպոլիս, Միհրան Տէր-Ներսէսեանի եւ Ագապի Օրմանեանի ընտանիքին մէջ։ Կանուխ հասակէն որբացած է։ Անոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործը ստանձնած է մօրաքոյրը՝ Եւգինէ Օրմանեանը եւ մօրեղբայրը՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան Մաղաքիա Օրմանեանը։ Աւարտած է Կոստանդնուպոլսոյ Եսայան վարժարանը, ապա՝ անգլիական Հայ-սքուլը։ 1915ին գացած է Պուլկարիա, ապա Զուիցերիայ: 1917-1919ին ուսանած է Ժնեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ։ 1919ին տեղափոխուած է Փարիզ, Սորպոնի մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ Շ․ Գիլին, Գ․ Միլեյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ․ Ֆոսիեօնին։ 1930-1931 գտնուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասսաչոաեթս նահանգի Ուելեսլիի Գոլեճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47  նոյն գոլեճի արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսուորթ թանգարանի տնօրէն։ 1946 ին Հարուորտհամալսարանի գիտայետազօտական հաստատութեան կողմէ արժանացած է բիւզանդական արուեստի պրոֆեսորի կոչման, 1963ին՝ վաստակաւոր պրոֆեսոր։

Տէր-Ներսէսեանը Ֆրանսայի արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիայի թղթական անդամ է։

Զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային գիտաժողովներու, որոնց շարքին արեւելագէտներու Մոսկուայի Գոնկրեսին (1960) եւ պատմաբաններու  Շուէտաֆրանսական գիտաժողովին մէջ (Երեւան, 1969)։

Սիրարփի Միհրան Տէր-Ներսէսեան (1896, սեպտեմբեր 5, Կոստանդնուպոլիս – 1989, յունիս 5, Փարիզ), բիւզանդագէտ, միջնադարագէտ, արուեստաբան, հայագէտ։ ՀԽՍՀ ԳԱարտասահմանեան անդամ (1966)։

Ծնած է 1896ի սեպտեմբերի 5-ին Կոստանդնուպոլիս, Միհրան Տէր-Ներսէսեանի եւ Ագապի Օրմանեանի ընտանիքին մէջ։ Կանուխ հասակէն որբացած է։ Անոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործը ստանձնած է մօրաքոյրը՝ Եւգինէ Օրմանեանը եւ մօրեղբայրը՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան Մաղաքիա Օրմանեանը։ Աւարտած է Կոստանդնուպոլսոյ Եսայան վարժարանը, ապա՝ անգլիական Հայ-սքուլը։ 1915ին գացած է Պուլկարիա, ապա Զուիցերիայ: 1917-1919ին ուսանած է Ժնեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ։ 1919ին տեղափոխուած է Փարիզ, Սորպոնի մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ Շ․ Գիլին, Գ․ Միլեյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ․ Ֆոսիեօնին։ 1930-1931 գտնուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասսաչոաեթս նահանգի Ուելեսլիի Գոլեճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47  նոյն գոլեճի արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսուորթ թանգարանի տնօրէն։ 1946 ին Հարուորտհամալսարանի գիտայետազօտական հաստատութեան կողմէ արժանացած է բիւզանդական արուեստի պրոֆեսորի կոչման, 1963ին՝ վաստակաւոր պրոֆեսոր։

Տէր-Ներսէսեանը Ֆրանսայի արձանագրութիւններու ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիայի թղթական անդամ է։

Զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային գիտաժողովներու, որոնց շարքին արեւելագէտներու Մոսկուայի Գոնկրեսին (1960) եւ պատմաբաններու  Շուէտաֆրանսական գիտաժողովին մէջ (Երեւան, 1969)։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին