Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

«Մարօ, Ի՞նչն Է Գիւղին Մէջ Հետաքրքրականը․․․ Ոչ Մէկ Բանը Ալիսա» . Ինչպէս Է Կեանքը Կաթնաջուր Գիւղին Մէջ (լուսանկարներ, տեսեիզ)

«Գաւառ»ը Լուսարձակի Տակ – 23 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Զարթօնք» օրաթերթի «Գաւառ»ը լուսարձակի տակ շարքի հերթական անդրադարձը մայրաքաղաք Երեւանէն մօտ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Լոռիի մարզի Սպիտակի տարածաշրջանի Կաթնաջուր գիւղի մասին է։ Գիւղը կը տարածուի Բամպակի լեռնաշղթայի հիւսիսային լանջին։ Գիւղ տանող ճանապարհը հետաքրքիր է,  ձանձրանալ չես կրնար, իսկ Լոռիի բնութիւնը՝ հրաշագեղ է, միայն ճանապարհն է, որ ինչպէս Հայաստանի հանրապետութեան շատ մը ճամբաները, կը շարունակէ մնալ ոչ բարուոք վիճակի մէջ։

Բարձր, խիտ եւ գեղեցիկ ծառերով պատուած մայրուղիի աւարտին Կաթնաջուր գրութեամբ ցուցանակը կը փաստէ, որ արդեն նշեալ գիւղը հասած ենք։ Առաջին հայեացքէն նկատելի են գիւղամէջի քարուքանդ ճանապարհները, լքուած ու չբնակեցուած տուները, որոնց սեփականատէրերը հաւանաբար դուրսը լաւ կեանք ունենալու յոյսով լքած են հայրենի գիւղը։ Գիւղին առաջին վայրը, ուր խորհուրդ կու տան տեղացիները անպայման այցելել,  այդ 2016-ին կաթնաջուրցի զոհուած զինուոր Սարգիս Մանուկեանի անունով կառուցուած այգին է ու փոքրիկ եկեղեցին։

Գիւղին մէջ մարդոց հազուադէպ կը հանդիպիս, յատկապէս երեկոյեան ժամերուն, բոլորը զբաղած են իրենց գործերով՝ անասնապահութեամբ կամ ալ բաժակ մը սուրճի սեղանին շուրջ զով եղանակին զրուցելով։ Ի դէպ՝ գիւղին կլիման բաւական զով է, ամռան՝ հով, ձմռան՝ ցրտաշունչ։ Տեղացիները կը պատմեն, որ գիւղի աւերակներուն վրայ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 1826-ին։

Գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած առաջին ընտանիքներուն մեծ մասը գաղթած էր Իրանի հայաշատ գաւառներէն, ինչպէս նաեւ Մուշէն, իսկ մի քանի ընտանիքներ էլ փոխադրուած էին Աշտարակէն։ Ճիշդ է, որ սկզբնական շրջանին միայն մի քանի ընտանիք եղած է, սակայն յետագային անոնց թիւը շատցած է։

Համայնքի գիւղացիական տնտեսութիւնները հիմնականին մէջ կը  զբաղին ցորենի, գարիի, գետնախնձորի, եւ խոտաբոյսերու արտադրութեամբ, կը մշակեն նաեւ բանջարեղենի տարբեր տեսակներ։ Գիւղը  քանի մը տարիէ ի վեր ունի մշտական ջրամատակարարում: Ջուրի մատակարարման պակասը մեծ խնդիր էր կաթնաջուրցիներուն համար։ Գիւղը ունի դպրոց, որ կառուցուած է 2001 թուականին, համակարգչային հագեցած դասասենեակ։ 2004-ի մարդահամարի տուեալներով գիւղի բնակչութինը կը կազմէ 1990 մարդ, բայց գիւղին մէջ շրջելով դժուար թէ այդքանը նկատելի ըլլար։ Գիւղը արդեն երկու տասնամեակ է կը ղեկավարէ Արմէն Պապոյանը, որուն դէմ անցեալ տարի բողոքի ալիք  բարձրացած էր չարաշահումներ ըրած ըլլալու մեղադրանքով։

Երեկոյեան ժամը 6-7-ի կողմերն էր, երբ որոշեցինք կրկին պտոյտ մը ընել գիւղին մէջ՝ մարդոց հանդիպելու եւ զրուցելու յոյսով։ Ճանբան հանդիպեցանք տիկին Ալիսային, որ իր թոռնիկներուն հետ բակն էր՝ աւելը ձեռքին կը մաքրէր հաւնոցի տարածքը։ Կէս կատակ կէս լուրջ նեղուած, խնդրեց չնկարել իրեն, հարեւանուհիին «օգնության կանչեց» հարցազրոյց տալու բարդ ու պատասխանաու հարցով։ Տիկին Ալիսան ծնած, ապրած ու ամուսնացած է Կաթնաջուր գիւղին մէջ։ Կ՛ըսէ, որ մի քանի ժամով եկած հիւրերուն համար գիւղը հետաքրքիր է, իսկ ապրելու համար դժուարացաւ պատասխանել։ Հարցուց հարեւանուհիին՝ «Մարօ, ի՞նչն է հետաքրքիր», պատասխանը եղաւ՝ «Ոչ մի բանը»։ Հակառակեցի իրենց, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է, որ Լոռիի բնութեան նման բնութիւն ունեցող գիւղը որեւէ հետաքրքրութիւն չունենայ։  «Հա, գնան, սարերում ման գան, հետաքրքիր է։ Հենա, մեր հորթերին նկարի»,- կ՛ըսեն տիկին Ալիսան ու տիկին Մարոն միաժամանակ։

Գիւղին խնդիրներուն մասին եւս խոսեցանք, որոնց առաջինը գիւղամիջեան ճանապարհներու մասին էր։ Առանց հարցնելու ալ տեսանելի էր քարուքանդ եղած, փոշոտ ու տեղ-տեղ դժուարանցանելի ճանապարհները։ Գիւղատնտեսութեան առումով հիմա բերքահաւաքի եղանակն է գիւղին մէջ, միրգերը հասունցած են, հաւաքելու ժամանակն է։ Անասնապահութեամբ կամ գիւղատնտեսութեամբ ընտանիք չես կրնար պահել, կ՛ըսէ տիկին Ալիսան ու կը նշէ, որ գիւղի երիտասարդները կ՛երթան Ռուսիա աշխատանքի, կամ այլ կերպ ըսուած՝ խոպան, բայց անպայման  կը վերադառնան հայրենի գիւղ։

Գիւղական կեանքը քիչ մը աշխուժացնելու համար, գիւղացիներու հոգը թեթեւցնելու համար տեղաբնակները կ՛անկնալեն որոշակի ծրագիրներու իրականացում։ «Եթէ ուզում էք, որ մարդիկ լաւ ապրեն, ապա իջեցրեք պարարտանիւթի գինը, քարիւղի գինը, որպէսզի մարդիկ կարողանան վարուցանք անեն, բերք ունենան ու նորմալ ապրեն։ Մեզ ուրիշ ոչ մի բան պէտք չէ։ Այս տարի էլ երաշտ եղաւ, աղջիկ ջան, ի՞նչ ծախենք, որ ապրենք։ Անցած տարի գոնէ բերքը հաւաքում էինք, այս տարի ոչ մի բան չկայ»,- ըսաւ գիւղացիներէն մէկը, որ տեսնելով, որ համագիւղացիները հարցազրոյց կու տան գիւղ եկած լրագրողին, ուզեցին անմասն չմնալ։ Երկրին մէջ տեղի ունեցած հյղափոխութենէն ետք փոփոխութիւն  չեն նկատած, կ՛ըսեն՝ բան չի փոխուել, բայց յոյս կայ, որ կը փոխուի։ Ի դէպ՝ գիւղացիները չափազանց հիւրասէր են, մանաւանդ Երեւանէն եկած հիւրերու նկատմամբ, առանց հիւրասիրութեան տունէն դուրս գալ չեն ձգէր, առանց իրենց այգիի միրգերը փորձելու թոյլ չեն տար նոյնիսկ գիւղէն հեռանալ:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին