Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գուրգէն Աշոտ Առաքելեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գուրգէն Աշոտ Առաքելեան (օգոստոսի 26, 1925, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԱԽՖՍՀ, ԽՍՀՄ – 1996),  արձակագիր, լրագրող, ֆիլմերու հեղինակ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ՀԽՍՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (1967), ԽՍՀՄ գրողներ միութեան անդամ 1963 թուականէն։ ԽՄԿԿ անդամ 1949 թուականէն:

Ծնած է Երեւան։ 1944 թուականին աւարտած է Երեւանի յատուկ ռազմահրետանային դպրոցը, 1949 թուականին՝ Երեւանի օտար լեզուներու հիմնարկի անգլիական բաժինը։ 1946-1958ին աշխատած  է «Պիոներ կանչ» եւ «Աւանգարդ» թերթերուն մէջ որպէս բաժնի վարիչ, խմբագիրի տեղակալ, խմբագիր։ 1958-1959 եղած է «Երեկոյեան Երեւան» թերթի խմբագիրը, 1959-1974 թուականներուն՝ «փրաւդայ» թերթի Հայաստանի թղթակիցը։ 1974-1979 աշխատած է Հայաստանի ԿԿ Կենտկոմի որպէս մշակոյթի բաժնի վարիչ։ 1980ի  յունուարէն մինչեւ 1985ի  դեկտեմբերը եղած է ՀԽՍՀ մշակոյթի նախարար։ 1970ին «Գեղարուեստական գրականութիւնը  մամուլում» թեմայով համալսարանակ թեզ պաշտպանած է ստացած է բանասիրականգիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։

Ռուսէրէնով լոյս տեսած են անոր «Կռունկ» (Մոսկուայ, 1965), «Փրաւդայ» թերթը Հայաստանի մասին» (Գէորգ Ղարիպճանեանի եւ Սպարտակ Պաղդասարեանի հեղինակակցութեամբ, Երեւան, 1973), «Գարուսել» (երգիծական պատմուածքներու ժողովածու, Երեւան, 1975), «Փրաւդան» եւ հայ կուլտուրան» (Երեւան, 1978) գրքերը։

Հեռուստատեսային ֆիլմերու սթիւտիոն անոր րած գնիւթով նկարահանած է «Թունելի մարդիկ» (1965) շարժապատկերը, «Հայֆիլմ» կինոստուդիան՝ «Ապրում էր մարդը» (Արշաւիր Դարբնի եւ Ալեքսանտր Արաքսմանեանի հեղինակակցութեամբ, 1968), «Արեւիկ» գեղարուեստական (հեղինակակից Առնոլդ Աղաբաբով) շարժանակարը։ «Արեւիկ» շարժանկարը1979ին Պրահայի միջազգային ֆիլմի փառատօնին շահած է «Կրան Փրի» բարձրագոյն մրցանակը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին