Չորեքշաբթի, 13. 11. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մարտիրոս Պատալեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մարտիրոս Պատալեան  (26 Յուլիս, 1952, Բանանց, Դաշկեսանի շրջան)

Գեղանկարիչ, քոլաժի վարպետ, ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ (2008)։

1964 թուականէն կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ: 1968-1972 թուականներուն յաճախած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան, 1975 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: 1982-1988 թուականներուն աշխատած է ուսումնական թատրոնէն ներս որպէս նկարիչ բեմադրող, 1988 թուականէն Երեւանի խամաճիկներու պետական թատրոնի գլխաւոր նկարիչ։ 

1988 թուականէն Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ ԽՍՀՄ նկարիչներու միութեան անդամ է, 1996 թուականէն՝ նկարիչներու միջազգային միութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ։

Մարտիրոս Պատալեան շարք մը թատրոններու մէջ ձեւաւորած է 40-է աւելի ներկայացումներ։ Որպէս բեմադրող նկարիչ մասնակցած է 12 գեղարուեստական կարճ ֆիլմերու աշխատանքներուն, որոնցմէ 4-ը ֆրանսական ֆիլմեր են։

Բադալեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին Գերմանիոյ, ֆրանսայի, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, ԱՄՆ-ի, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ։

Անհատական ցուցահանէսներ ունեցած է՝ Երեւանի, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ երիրներու մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին