«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ատոմ ԷԿոյեան (19 Յուլիս, 1960, Եգիպտոս) Գանատահայ բեմադրիչ։
Ծնած է Գահիրէի մէջ, հասակ առած է՝ Արեւմտեան Գանատայի մէջ։ Յաճախած է Թորոնթոյի համալսարանը՝ աւարտելով «Միջազգային յարաբերութիւններ եւ երաժշտութիւն» բաժինը, այնտեղ սկսած նաեւ է ֆիլմեր նկարահանել։ Անոր վաղ շրջանի գործերը ուշադրութեան արժանացած են Սանդենսի անկախ շարժապատկերներու փառատօնին, իսկ «Լուսաւոր գալիք» շարժապատկերով ճանաչում ձեռք բերած է քննադատներու եւ հանդիսատեսներու շրջանակէն ներս։
Քաննի շարժապատկերի փառատօնի եռակի մրցանակակիր է, ներկայացուած է «Օսքարի» եւ Թորոնթոյի միջազգային փառատօնին՝ քառիցս մրցանակի արժանացած։ Գանատայի բարձրագոյն շարժապատկերի պարգեւի՝ «Ճինի» եօթնեակի դափնեկիր է, ներկայիս անկախ շարժապատկերի երեւելի դէմքերէն մէկը։
«Օրացոյցը» (1993 թ.) նկարահանելու ժամանակ վերադարձած է նախնիներու հայրենիք։ 2004 թուականին արժանացած է «Ոսկէ ծիրան» գլխաւոր մրցանակին Երեւանի առաջին միջազգային փառատօնին։ 2010 թուականին եղած է Քաննի շարժապատկերի փառատօնի «Սինեֆոնտասիոն» եւ կարճ շարժապատկերներու ժիւրիի նախագահ։
Ամենայայտնի ֆիլմերէն է Արարատը (2002 թ.)։
Անոր կինը դերասանուհի Արսինէ Խանճեանն է։
2011 թ. պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով։