Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեպուհ Աբգարեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպուհ Աբգարեան (12 Յունիս, 1930, Կիպրոս)-(5 Օգոստոս, 2014, Կիպրոս) Երաժշտահան, երգիչ, խմբավար, նկարիչ, հաղորդավար, «Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար։

Ուսուցիչի զաւակ է, հայրը ծնունդով սասունցի էր։ Ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր Սեպուհ յաճախած է Սուրբ Նշան դպրոց եւ եղած է Էդուարդ Տարօնեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի աշակերտը։ Ան միշտ երախտագիտութեամբ յիշած է իր ուսուցիչները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են անոր ձեւաւորման եւ կայացման վրայ։

1954 թուականին ան կ’աւարտ է Մելգոնեան հայկական վարժարանը, այնուհետեւ ուսումը կը շարունակէ Փարիզի մէջ: Այնտեղէն կը վերադառնայ Կիպրոս եւ կ’աշխատի տեղի վարժարանէն ներս։ Երկու այլ հայերու հետ Կիպրոսի հեռահաղորդակցութեան միութեան մէջ կը հիմնէ հայկական ձայնասփիւռի հաղորդում, ուր կ’աշխատի շուրջ 46 տարի։ Միաժամանակ աշխատած է Մելգոնեան վարժարանէն ներս՝ որպէս երգչախումբի ղեկավար:

Հեղինակ է շարք մը երգերու, քամերային, սիմֆոնիք երաժշտութիւններու, որոնք կատարուած  են աշխարհի շարք մը երկրներու մէջ՝ Ճաբոն, Ֆրանսա, Կիպրոս, Լիբանան, ԱՄՆ:

Սեպուհ Աբգարեանի ամենամեծ ձեռքբերումը «Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի ղեկավարումն էր, որ իր համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօջախներու մէջ։ Ան վերոյիշեալ համոյթը ղեկավարած է հիմնադրման օրէն մինչեւ իր կեանքի վերջը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին