«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆերիտ Օրհան Փամուք (7, Յունիս, 1952 Սթամպուլ, Թուրքիա) Չէրքէզական ծագմամբ թուրք գրող, հասարակական գործիչ, միջազգային շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիր։ 2006 թուականին արժանացած է գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ Նոպէլեան յանձնախումբի հետեւեալ ձեւակերպումով. «Անոր, որ իր քաղաքի մելանխոլիկ հոգիի որոնումներուն մէջ յայտնագործած է մշակոյթներու բախման եւ խաչաձեւման նոր խորհրդանիշեր»։ Գրողի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի աւելի քան 50 լեզուներու, նաեւ հայերէն։ Յայտնի է հայոց ցեղասպանութեան եւ Քրտական հարցի վերաբերեալ իր քաղաքացիական դիրքորոշմամբ, որ կը հակասէ թրքական պաշտօնական դիրքորոշման։ Փամուք այն սակաւաթիւ թուրքերէն մէկն է, որ 1915 թուականի դէպքերու առնչութեամբ կիրառած է «ցեղասպանութիւն» բառը։
Իր հայեացքներու պատճառով Փամուք ենթարկուած է հալածանքներու, տարագրուած, վերադարձած։ Ներկայիս ան կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ։
Փամուքի գրականութեան հիմնական թեման Թուրքիոյ ներքին կեանքն է, թուրք ժողովուրդը եւ թուրք մարդը, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, իսլամի եւ քրիստոնէութեան, աւանդապահութեան, յետամնացութեան եւ առաջադիմութեան հակամարտութիւնը։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Փամուք կ’օգտագործէ արեւմտեան գեղագիտական ու փիլիսոփայական մտապատկերներ, արեւելեան գեղարուեստական սկզբունքներ, կը դիմէ այլաբանութիւններու, կը համեմատէ, կը հակադրէ եւ կը փորձէ ընդհանրացնել իսլամի եւ քրիստոնէութեան, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի կրօնափիլիսոփայական, գեղագիտական եւ կենսահայեցողական մօտեցումներն ու սկզբունքները։






