«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մայիս 28-ին Թիֆլիսի Արամեանցի տան մէջ, բուռն քննարկումներէ ետք Հայոց Ազգային Խորհուրդը (ՀԱԽ) վճռած է հռչակել Հայաստանի անկախութիւնը։
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուած է 1918 թուականի Մայիս 28-ին՝ մայիսեան հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատէն, Բաշ-Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսայէն ետք։
Առաջին հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդի համար ծանր ժամանակահատուածի մէջ, երբ երիտասարդ թրքական բնաջնջման ծրագրէն խուսափած բազմահազար հայ գաղթականներն ու սովը, երթեւեկութեան ուղիներու շրջափակումները, Քեմալական Թուրքիոյ 1920 թուականի յարձակումը, ինչպէս նաեւ խորհրդային Ռուսիոյ նուաճողական քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն պիտի չընձեռէին պետութեան ղեկավարներուն ստեղծելու կայուն պետութիւն։
Առաջին հանրապետութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1920 թուականի Դեկտեմբեր 2-ը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ռուս–թրքական համատեղ վայրագութեան արդիւնքով Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան եւ հարաւ–արեւմտեան գաւառները՝ անոնց շարքին Կարսը, Արտահանը, Կաղզուանը, Սուրմալու–Իգդիրը՝ սրբազան Արարատ լեռով, անցան քեմալական թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, իսկ արեւելեան գաւառները՝ խորհրդայնացան ու բաժնուեցան մի քանի մասի՝ Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Նախիջեւանի երկրամաս, Արցախ, Գարդման–Գանձակ՝ Ատրպէյճանականի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան կազմի մէջ եւ այլն։
Հակառակ կարճ կեանքին Առաջին Հանրապետութեան դերը անգնահատելի է պետականութիւնը վերագտնելու գործին մէջ։