Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրունզէ Տովլաթեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ֆրունզէ Տովլաթեան  (27, Մայիս, 1927, Գաւառ)–(30, Օգոստոս, 1997, Երեւան) Ռեժիսոր, սենարիստ եւ դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ (1983)։

Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ կը բեմադրէին Գաւառի թատրոնէն ներս։ Երբ Տովլաթեաններու ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Երեւան, Տովլաթեանը ընդունուեցաւ Մաքսիմ Կորքիի անուան դպրոց։ 1941-1952 թուականներուն հանդէս եկած է Հայաստանի շրջանային թատրոններէն ներս եւ Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնէն ներս որպէս դերասան։

1947 թուականին աւարտած է Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի արուեստանոցը։ 1943 թուականին սկսած է նկարահանուիլ ֆիլմերու մէջ։ 

1959-1964 թուականներուն աշխատած է որպէս Վաւերագրական ֆիլմերու ռեժիսոր, Կորքիի անուան արուեստանոցի մէջ։ Մոսկովեան արուեստանոցներու մէջ նկարահանած է՝ «Ով է մեղաւոր», «Տիմա Կորինի Քարիերան», «Առաւօտեան գնացքներ», «Մոսֆիլմ»,։

1967-1969 թուականներուն եղած է ՀԽՍՀ ֆիլմարտադրողներու միութեան առաջին քարտուղար։ 1986 թուականէն՝ «Արմէնֆիլմի» գեղարուեստական ղեկավար։

Տովլաթեանը 1994-1997 թուականներուն եղած է Հայաստանի «Թէքէեան մշակութային միութեան» նախագահը։

Թաղուած է Երեւանի Թոխմախի գերեզմանոցի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին