«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նարիմանով Զախարի Միքայէլի (23, Մայիս, 1925, Երեւան) Բժիշկ, առողջապահութեան գործի կազմակերպիչ։
Եղած է ԽՄԿԿ անդամ 1952 թուականէն։ 1947 թուականին աւարտած է Երեւանի բժշկական հիմնարկը, աշխատած է Երեւանի եւ Կիրովականի մէջ, որպէս քիթ-կոկորդ-ականջի հիւանդութիւններու մասնագէտ։
1959-ից 1960 թուականներուն գլխաւորած է ՀԽՍՀ առողջապահութեան նախարարութեան 4-րդ վարչութիւնը, 1960-1975 թուականներուն եղած է ՀԽՍՀ առողջապահութեան նախարար։ 1975 թուականէն՝ ընդհանուր առողջաբանութեան եւ մասնագիտական հիւանդութիւններու Ն․ Յակոբեանի անուան ԳՀԻ-ի տնօրէն։
Նարիմանովը նշանակալից ծառայութիւններ ունի ՀԽՍՀ առողջապահութեան ցանցի ընդլայնման եւ մասնագիտացման, ինչպէս նաեւ մանկաբուժական գործի կազմակերպման բնագաւառէն ներս։ Եղած է ՀԽՍՀ VI, VII, VIII գումարումներու Գերագոյն Սովէտի պատգամաւոր։