«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գառնիկ Քալաշեան Բանաստեղծ հասարակական գործիչ։
(1885, Մայիս 16, վաղարշապատ – 1921, Նոյեմբեր 1, երեւան, թաղուած է էջմիածին)
Աւարտած է թիֆլիսի ներսիսեան դպրոցը (1906)։ Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է հայկական գրական ընկերութեան, ապա՝ «Վերնատան» աշխատանքներուն, 1907 թուականին եղած է Մոսկուայի առեւտուրի հիմնարկի ազատ ունկնդիր։ Սերտ կապեր ունեցած է լազարեան ճեմարանի յեղափոխական ուսանողութեան հետ (Ա․ Միասնիկեան, Վ․ Տէրեան եւ ուրիշներ), մասնակցած է ցոյցերու, տարածած է թռուցիկներ, 1909 թուականին ձերբակալուած է, նետուած Մոսկուայի քաղաքական բանտարկեալներու բանտը։
Տիրապետած է ռուսերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, պարսկերէն, վրացերէն լեզուներուն։ «Ներշնչումներ» (1908 թուական) եւ «Բանաստեղծութիւններ» (1916 թուական) ժողովածուներու մէջ Քալաշեան սիրոյ, կարօտի, հայրենասիրութեան, աշնան նուագներուն միախառնած ներբողած է «պայքարի շառաչը» եւ «կարմիր ծիրանաւորին» (յեղափոխութիւնը)։ Հայ ժողովուրդի բնաջնջման վտանգի տարիներուն խորապէս հաւատացած եղած է անոր գոյատեւման եւ մօտալուտ սոցիալական վերափոխումներուն («Դարբինը», «Բանուորուհին», «Փոթորի՜կ, փոթորի՛կ» եւ այլն)։
Աշխատակցած է պարբերական մամուլին («Գեղարուեստ» եւ այլն), հանդէս եկած է գրականագիտական յօդուածներով, ակնարկներով, թարգմանութիւններով, ստորագրած է՝ Մենորդ, Միրաժ, Անցորդ, Գ․ Ք․։