Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արման Թաթեւոս Մանուկեան

Արման Թաթեւոս Մանուկեան (Մայիս 15, 1904, Կ. Պոլիս-Մայիս 10, 1931, Հոնոլուլու), ամերիկահայ նկարիչ, որ յայտնի է Հաուայեան կղզիներու իր բնանկարներով։

Ծնած է Կ. Պոլսոյ մէջ 1904 թուականին։ Ընտանիքի մէջ երեք զաւակներէն աւագը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու միաբանութենէն։ Ընտանիքը վերապրած է Մեծ Եղեռնը։ 1920 թուականին կը տեղափոխուի ԱՄՆ, ուր 16 տարեկան Արմանը նկարչութեան դասընթացներու կը մասնակցի Ռոտ այլընտի նկարչական դպրոցէն ներս (անգլ.՝ Rhode Island School of Design)։ ԱՄՆ-ի մէջ զբաղած է ձեւաւորմամբ։ Անոր հետաքրքրութեան հիմնական առարկան ծովն էր եւ ծովու մարդիկ։

1923 թուականին կ’անցնի ծառայութեան ԱՄՆ Ծովային հետեւակի մարմին։ Ծառայութեան ժամանակ պատմաբան հրամանատար Էդուին Նորթ ՄակՔլելանի (անգլ.՝ Edwin North McClellan) մօտ համհարզ էր, այդ ընթացքին ան գծանկարներ կը գծէր Լեդերնեք (անգլ.՝ Leatherneck) ամսագրի համար։ Ծառայութեան ընթացքին ՄակՔլելանի ԱՄՆ Ծովային հետեւակի մարմնի պատմութեան համար կատարած է 75 գծանկար, որոնք երբեւէ չեն հրատարակուած ու այժմ կը գտնուին Հոնոլուլուի թանգարանի մէջ։

Հաուայեան կղզիներու տղայ ու աղջիկ

1927 թուականին զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք Մանուկեան կ’որոշէ մնալ եւ ստեղծագործել Հաուայեան կղզիներու մէջ։ Ծովի թեման ան այս անգամ կը զարգացնէ որմանկարի ժանրի մէջ։ Հոնոլուլուի մէջ ան կ’աշխատակցի «Հոնոլուլու սթար տեղեկագիր» (անգլ.՝ Honolulu Star-Bulletin) եւ «Խաղաղ ովկիանոսի դրախտ» (անգլ.՝ Paradise of the Pacific) ամսագրերուն։

1929 թուականին Արման Մանուկեան հանդէս եկած է առաջին անհատական ցուցահանդէսով։ Այժմ անոր իւղանկարները բարձր կը գնահատուին, թիւով 31 են։ Հոնոլուլուի Գեղարուեստի կաճառը Արման Մանուկեանի մահէն քիչ անց յուշ ցուցահանդէս կազմակերպեց եւ 2010 թուականի Նոյեմբեր 4-էն մինչեւ 2011 թուականի Ապրիլ 24 ցուցահանդէս կազմակերպեց «Գոյնի իմաստը/գծի արտայայտչութիւնը՝ Արման Մանուկեանի մոտերնիզմը» (անգլ.՝ Meaning in Color/Expression in Line: Arman Manookian’s Modernism) խորագիրով։ Արման Մանուկեանի գործերը կը գտնուին Պիշոբ եւ Հոնոլուլուի արուեստի թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ։ Հաուայեան կղզիներու մէջ Արման Մանուկեանը յայտնի է որպէս «Հաուայեան Վան Կոկ»։

Հոնոլուլուի մէջ խոր ընկճախտ ապրած է եւ 1931 թուականին միայնակութեան մէջ անձնասպան եղած։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին