Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լիւտմիլա Բոտեաւորինսկա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիւտմիլա Բոտեաւորինսկա Ծնած է 1872 թուականի Ապրիլ 26-ին Սլովաքիա մանկավարժներու ընտանիքի մէջ, որ 1910 թուականին տեղափոխուած է Նովէ Մեսդօ նատ Վահոմ քաղաք:

Լիւտմիլան կրթութիւն ստացած է իր հայրենի քաղաքի մէջ: Գրականութեան ոլորտէն ներս անոր առաջին փորձերուն կ’աջակցին անոր հօրեղբայրը եւ տեղացի հովիւ, միեւնոյն ժամանակ գրող Ժան Բրաւոսլաւ Լեշգան: Աւելի ուշ որոշ ժամանակ ան աշխատած է որպէս Կարմիր խաչի աշխատակից, օգնած է իր հօրը դպրոցի մէջ, սակայն իր կեանքի մեծ մասը գոյատեւած է գրական գործունէութենէն ստացած քիչ եկամուտով:

Ան իր առաջին ստեղծագործութիւնը հրապարակած է Պուտափեշտի «Slovenské novini» թերթի եւ «Vlasť a svet» ամսագրի մէջ 1887-1888 թուականներուն։ Սլովաքիայի մէջ անոր ստեղծագործութիւնները յայտնուած են 1892 թուականին «Národnie noviny» եւ «Slovenské pohľady» թերթերուն մէջ: Ան նախ կը գրէր բանաստեղծութիւններ, ապա որոշեց ինքզինք նուիրել արձակին: Յայտնի դարձած է որպէս ժամանակակից սլովաքեան մանկական գրականութեան հիմնադիր: Անոր որոշ ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են օտար լեզուներու:

ԽՍՀՄ-ի մէջ յայտնի էին անոր «Կառուցած է ճնճղուկը» եւ «Փոքր գորտը» բանաստեղծութիւնները, ըստ որուն՝ նոյնանուն շարժանկարներ նկարահանուած են:

Լիւտմիլա Բոտեաւորինսգան մահացած է 1951 թուականի Մարտ 2-ին Նովոէ Մեսդօ նատ Վահոմ քաղաքի մէջ, (Չեխոսլովաքիա) ներկայիս Սլովաքիա:

Լիւտմիլա Բոտեաւորինսգայան  Չեխոսլովաքիայի ԽՍՀ ժողովրդական գրողի կոչում ստացած առաջին գրականագէտն էր: Անոր հայրենիքի մէջ բացուած է տուն-թանգարան, իր անունով կոչուած է № 42849 փոքր մոլորակը ։ 1972 թուականին գրատպութեան յանձնուած է Չեխոսլովաքիայի փոստային նամականիշ՝ նուիրուած գրողին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին