Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Ապրիլեան Յուշաշար. Երեք Տարի Անց

Առասպելական 116 Դիրքը

 

116-րդ դիրքը 2016-ի Ապրիլէն առաջ ՊԲ հարիւրաւոր այլ դիրքերէն, թերեւս, չէր առանձնանար: Այստեղ կը ծառայէին բոլորին պէս, կը յիշէ աւագ սպայ Սեւակ Ղազարեանը: Հրամանատար Որֆանեանի հետ ալ դիրքը յանձնել-ընդունելէն յաճախ վիճաբանելու առիթ ունեցած է: Այսօր կարօտով կը յիշէ մինչեւ իսկ վէճերը: «Տեղ կար՝ հարցեր կը յառաջանային, նորէն կը հաշտուէինք: Կը վիճէինք, կը վիճէինք, բայց, կարեւորը, վերջաւորութեան անպայման կը հաշտուէինք»,– ժպիտով կը յիշէ աւագ սպայ Սեւակ Ղազարեանը:

Վերջին վէճն ու հաշտուիլը 2016-ի Մարտի աւարտին էր: Դիրքը յանձնեցին Ուրֆանեանի գլխաւորութեամբ եկած հերթափոխին եւ իջան մշտական տեղակայումի վայրը: Յուզումը յաղթահարելով կը գնահատէ, որ այն ինչ ըրին զիրենք փոխարինած տղաքը, հերոսութիւն է, իսկ Ուրֆանեանը սպաներուն համար կը մնայ օրինակ: «Բոլոր տղաքը իրենց դերը կատարած են, բայց ինծի համար ամենակարեւոր դերը Ուրֆանեանը կատարեց: Եթէ հրամանատարը իր տեղն է, ուրեմն բոլորն ալ իրենց տեղն են: Կարեւորը՝ հրամանատարը իր տեղը ըլլայ»,– կ’ընդգծէ Ղազարեանը:

Թէ ի՛նչ կատարուած է 116-ի վրայ 2016-ի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, աւելի ուշ տեղեկացած են: Գիշերը միայն պարզ էր, որ հակառակորդը յարձակած է: Ապա գիտցան դիրքի կորուստին մասին եւ կանուխ առաւօտեան, գումարտակի հրամանատարի գլխաւորութեամբ հրետակոծութեան տակ շտապեցին յառաջնագիծ: «Ճամբան չեմ կրնար նկարագրել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր: Անձնակազմը ոգեւորուած էր, կ’երգէր: Իսկ ականները կը պայթէին մեքենային քովը, առջեւը: Այսպէս հասանք 116»,– Ապրիլ 2-ի դէպքերը կը յիշէ աւագ սպայ Նելսոն Արսէնեանը:

Շարունակութեան մասին գումարտակի հրամանատար Էդիկ Մալոյեանը չի սիրեր խօսիլ: Կարճ ու կտրուկ կ’ըսէ՝ մեր դիրքն էր, ետ վերցուցինք: «Օգտուելով տեղանքի կահաւորուածութենէն՝ մենք յաջողեցանք անվտանգ մօտենալ մարտական դիրքի թիկունքէն: Հակառակորդը թերեւս չէր ալ պատկերացներ, թէ այդ կողմէն կրնանք մօտենալ: Տղոց քաջութեան շնորհիւ՝ առանց զոհի վերցուցինք մարտական դիրքը»,– կը պատմէ գումարտակի հրամանատար Էդիկ Մալոյեանը: Փոխարէնը՝ միայն այս դիրքին վրայ հակառակորդը տասնեակ զոհեր տուաւ թէ՛ գրոհելու, թէ դիրքէն փախչելու ժամանակ՝ գումարած առնուազն մէկ հարուածուած սարք: Այդ ամէնը հաստատող նկարահանումները համացանցի վրայ յայտնուեցան ապրիլեան պատերազմէն երեք տարի անց Արշաւիր Ղարամեանի Facebook-ի էջին վրայ:

116-ի վրայ դարձեալ ՊԲ զինծառայողները կանգնած են: Սպաները նոյնն են, երեք տարի անց ժամկէտայիններու կազմը փոխուած է: Փոխուած է նաեւ հոգեբանութիւնը: Այս դիրքին վրայ ծառայելը իւրօրինակ պատիւ դարձած է: Սա հերոս տուած դիրք է, Արմենակ Ուրֆանեանի, Անդրանիկ Զոհրապեանի, Ռոպերթ Ապաճեանի, Քիարամ Սլոյեանի դիրքը՝ առասպելական 116-ը:

Բոլորը Կը Յիշենք Անուն Առ Անուն

Ապրիլեան պատերազմի առաջին հարուածը ստացած եւ ամբողջութեամբ աւերուած Թալիշը երեք տարի անց կը ներկայանայ նոր տեսքով: Հայկական երկու Հանրապետութիւններու նախագահները ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինծառայողներուն եւ ազատամարտիկներուն հետ քննարկած են Թալիշի խնդիրները: Նախագահ Արմէն Սարգսեանը գիւղի վերականգնումը կոչած է համահայկական ներուժի դրսեւորում: «Եկել եմ գլուխ խոնարհելու ձեր առաջ եւ ասելու, որ հպարտ եմ ձեզնով, հպարտ եմ, որ իմ առջեւ նստած են հայ յաղթանակած բանակի զինուորները»,– ընդգծած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Թալիշը վերականգնելու վերջին փուլը կ’աւարտի: Կը կառուցեն հիմնովին՝ հաշուի առնելով նաեւ հաւանական մարտահրաւէրները: Կը բարեկարգուին ճամբաները: Բնակիչներուն մէկ մասը արդէն գիւղն է, միւս մասն ալ կը վերադառնայ շինարարութեան աւարտէն ետք, կը վստահեցնէ Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլէն Պետրոսեանը:

Նախագահներ Սահակեանն ու Սարգսեանը Մաղավուզ գիւղին մէջ մասնակցած են զոհուած ազատամարտիկներու յուշահամալիրի բացման  արարողութեան: Արցախի թեմի  առաջնորդը յուշարձանը խորհրդանշական կը համարէ: Սերունդը հաւատարիմ է աւանդոյթներուն:

Մաղավուզի ազատագրումը մեր ազատամարտի կարեւոր յաղթանակներէն է: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է մաղավուզցիներու գործուն մասնակցութիւնը ազատամարտին:

Աւելի ուշ, Ապրիլեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ՝ Արցախի թեմակալ առաջնորդի հանդիսապետութեամբ եւ թեմի հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ:

Գնահատականները՝ Երեք Տարի Անց. Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք

  Ապրիլեան պատերազմէն երեք տարի անց ալ պաշտպանութեան նախկին նախարարը խօսքը խոնարհումով կը սկսի անոնց, որ չկան, անոնց, որ բանակ ճանապարհած են այդ հերոսները: «Կը ցանկայի անգամ մը եւս խոնարհիլ մեր նահատակներուն առջեւ, անոնց հարազատներուն, ընտանիքներուն առջեւ»,– յուզումը չի թաքցներ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

«Լիարժէք պատերազմ էր»,– երեք տարի առաջ յայտարարած եւ այսօր ալ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ կը հաստատէ Մնացականեանը եւ կը հիմնաւորէ, որ հակառակորդը այդ օրերուն օգտագործած է ունեցած գրեթէ բոլոր զինատեսակները: «Կիրառուած է ականանետային, փողային հրետանին, հրթիռային զօրքերը, բանակային եւ մարտավարական օդագնացութինը, ԱԹՍ՝ հարուածային եւ հետախուզական, Սմերչ, Տոս»,– կը թուարկէ հրամանատար Մնացականեանը:

 Լեւոն Մնացականեան կը յիշեցնէ գործողութիւններու յախուռնութիւնը: Երեք օրուան ընթացքին հայկական դիրքերուն վրայ նոյնքան արկ ու հրթիռ ինկած է, որքան 1992 – 94 թուականներուն օգտագործած է պաշտպանութեան բանակը:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք աշխուժացած է ՊԲ վերազինումի գործընթացը: Առաջնահերթը դիրքապահներու անվտանգութեան մակարդակի բարձրացումն էր՝ հակառակորդի նոր զինատեսակներու հաշուարկով եւ 24-ժամեայ հսկողութեան ապահովումը՝ սահմանի ողջ երկայնքին: Երեք տարի անց հնարաւորութիւնները անհամեմատելի են: «Չունինք ուղղութիւն մը, որ չդիտարկուի ցերեկային ժամերուն: Չունինք ուղղութիւն մը, որ կարելի ըլլայ գիշերը գաղտնի անցնիլ»,– կ’ընդգծէ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարարը: ՊԲ-ի մէջ հաշուի կ’առնեն, որ Ազրպէյճանն ալ իր սպառազինութիւնը կ’աւելցնէ, կը թարմացնէ: «Չեմ կարծեր, թէ ան խաղաղութեան համար կ’ընէ այդ ամէնը: Կ’ուզես խաղաղութիւն՝ պէտք է պատրաստ ըլլաս պատերազմի»,– կը շեշտէ հրամանատար Մնացականեանը:

 Ապրիլեան պատերազմէն ետք ինքը մօտ երեք տարի ծառայեց այդ տրամաբանութեամբ: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ ալ կարծիքը չի փոխեր:

 

Ստեփանակերտի Մայր Տաճարը Օծուած Եւ Անուանակոչուած Է

Օծումէն մէկ օր առաջ Արցախի թեմի առաջնորդը շրջած է Մայր տաճարը, վերջին հրահանգները տալու ընթացքին: Ստեփանակերտի մէջ Մայր տաճար ունենալը իր երազն էր, իրականութիւն դարձաւ: «Գիտէք, երբ գծագիրի վրայ կը նայիք, կը փորձէք պատկերացնել: Բայց լրիւ այլ բան է, երբ որ վերջնական տեսքով կը տեսնես: Տպաւորութիւնը ամբողջութեամբ այլ է: Սա նկուղային յարկն է՝ 6 մեթր բարձրութեամբ: 35 մեթր ալ տաճարի բարձրութիւնն է»,– կը պատմէ ու ցոյց կու տայ Արցախի թեմակալ առաջնորդը:

Շատոնց որոշած էին, որ եկեղեցին Աստուածամօր աւետման տօնին պէտք է օծուի՝ Ապրիլ 7-ին: Տօնական օրուան խորհուրդը հարիւրաւոր ստեփանակերտցիները առաւօտ կանուխէն եկեղեցւոյ հրապարակը հասցուցած է: Մայրաքաղաքի բնակիչներուն հետ հայկական զոյգ տէրութիւններէն եւ արտերկրէն այստեղ նաեւ բազմաթիւ հիւրեր հաւաքուած են՝ մասնակցելու Արցախի Մայր տաճարի օծման եւ անուանակոչութեան արարողութիւններուն: Ստեփանակերտի առաջին՝ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին արդէն չէր կրնար տեղաւորել հաւատացեալներու բազմութիւնը, Մայր տաճարի անհրաժեշտութիւնը կը հիմնաւորէ Ստեփանակերտի քաղաքապետը: «Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, որ դեռ 2006-էն կը գործէ, իր չափերով չէր կրնար իր յարկին տակ ընդունիլ բոլոր հաւատացեալները, եւ բնական է, որ Մայր եկեղեցին սպասուած էր»,– կ’ընդգծէ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը:

            Սպասման 12 տարիներէն ետք ծնաւ Ստեփանակերտի առաջորդանիստը: Կ’ըսեն, որ Մայր եկեղեցին մայրաքաղաքի սիրտն է: Այս պարագային Ստեփանակերտը իսկապէս մեծ սիրտ ունի: Սա Արցախի ամենամեծ եկեղեցին է եւ 90-երորդը՝ թեմի վերաբացումէն ետք Արցախի մէջ կառուցուած, վերակառուցուած եկեղեցիներու շարքին: Եկեղեցւոյ տրամագիծը 30 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 35 մեթր։ Երեք մեթր ալ խաչի բարձրութիւնն է: Իսկ ներքնայարկին կայ 6 մեթր բարձրութեամբ կամարակապ դահլիճը: «Թէ՛ Հռիփսիմէն կը յիշեցնէ, թէ՛ Զուարթնոցը, թէ՛ Մաստարան: Մեր հզօր, լաւագոյն տաճարներէն կարծես ծաղկաքաղի պէս բան մը կայ իր մէջ: Բայց ինքը լուծումներով որեւէ մէկը չի կրկներ: Շատ իւրօրինակ տաճար է»,– կ’ըսէ Ստեփանակերտի Մայր տաճարի նախագիծի հեղինակ ճարտարապետ Գագիկ Երանոսեանը:

Արդիւնքներէն տպաւորուած է նաեւ Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը: Տաճարի հիմնարկէքը իր նախագահութեան օրօք կատարուեցաւ: Նախագիծը այդ ժամանակ ալ հաւնած էր, իրական եկեղեցին բոլոր սպասումները գերազանցեց: «Մօտաւորապէս կը պատկերացնէի, բայց այն ինչ այսօր ունինք, գերազանցած է մեր բոլոր սպասումները, որովհետեւ իրապէս հրաշք եկեղեցի է թէ՛ մեծութեամբ, թէ գեղեցկութեամբ: Եւ ես յոյսով եմ, որ ան Արցախի հոգեւոր կեանքին մէջ իր մեծ դերակատարութիւնը կ’ունենայ»,–  ուրախութիւնը չի թաքցներ Արկադի Ղուկասեանը:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի գլխաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտ են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները: Վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ, հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ միւռոնով օծուած են մէկ օր առաջ ջուրով ու գինով լուացուած եկեղեցին, եկեղեցական սպասքն ու պարագաները: Ապա Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յայտարարած է նորակառոյց եկեղեցւոյ անունը: Ի սկզբանէ կը շրջանառուէր Սուրբ Աստուածամօր Յովանի անունը, որ արդէն արժանացած է վեհափառի հաւանութեան:

Մայր տաճարի օծման առթիւ վեհափառ հայրապետը պանաքէ յանձնած է Արցախի թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին: Եկեղեցին կառուցուած է նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Ամենամեծ նուիրատուն Վարդանեան ընտանիքն է: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը յանձնած է Վարդանեան եղբայրներուն: Իսկ նորաբաց տաճարին վեհափառ հայրապետը սրբապատկեր նուիրեց:

Ամենամեծ նուէրը Ստեփանակերտի բնակիչները ստացան՝ ի դէմս նոր տաճարի, ինչը Աստուածածնի աւետման տօնի օրը նոր աւետիս մըն էր: «Շատ հաճելի էր, որ Ապրիլ 7-ին բացուեցաւ նոր եկեղեցին: Համոզուած եմ, որ մենք կ’երթանք դէպի մեր արմատները, դէպի մեր հոգեւոր արմատները»,– կը կարեւորէ Ստեփանակերտի բնակիչ Անահիտ Դանիէլեանը: «Այդ նպատակով մենք մեր երեխաները դեռ օրօրոցէն կը բերենք եկեղեցի, որպէսզի հոգեւոր արժէքներուն ծանօթանան ու քրիստոնեայ մեծնան»,– կը շարունակէ Արփինէ Անդրէասեանը, որ փոքրիկը գրկած՝ եկեղեցի շտապած է:

Նորաբաց տաճարին մէջ առաջին սուրբ եւ անմահ պատարագը կայացաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ: Հակառակ պատկառելի չափերուն՝ Սուրբ Աստուածամօր Յովանի տաճարը չէր կրնար տեղաւորելու տօնին առթիւ հաւաքուած հաւատացեալներու ողջ բազմութիւնը:

 

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին