Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՍԵՐՈԲ Պ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սերոբ Պ․ Պօղոսեան (15 Հոկտեմբեր 1904, Վերին Հիւրուկ – 5 Ապրիլ 1983, Երեւան), պատմաբան եւ դասախօս։

Ծնած է Վերին Հիւրուկ (Բաղէշի նահանգի Սպարկերտ գաւառ) 15 Հոկտեմբեր 1904-ին։ Տարրական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի ծխական դպրոցը: Հայոց դէմ գործադրուած սպանդի ու բռնագաղթի տարիներուն, ընտանիքի անդամներուն հետ ի վերջոյ ան ապաստան կը գտնէ Կոտայքի շրջանի Ելղովան (այժմ՝ Կոտայք) գիւղը: 1921 – 1924 միջնակարգ ուսումը կ’ամբողջացնէ Երեւանի Ալ. Միասնիկեանի անուան երկրորդ աստիճանի դպրոցը: 1926-ին մուտք կը գործէ Երեւանի պետական համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքը, ապա համալսարանական ուսումը կը շարունակէ մանկավարժական հիմնարկի պատմութեան բաժանմունքը, որուն ընթացքը կ’աւարտէ 1931 թուականին: 1932 – 1935 թուականներուն Երեւանի պետական համալսարանը պաշտօնի կը կոչուի իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան դասախօս: 1939-ին «Եկեղեցական հողատիրութիւնը Երեւանի խանութիւնում 17 – 18 դարերուն եւ Էջմիածինը որպէս կալուածատէր» խորագրով աւարտաճառը պաշտպանելէ ետք կը ստանայ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանը: 1938 – 1941 կը վարէ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօսի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնները: 1956 թուականին կ’արժանանայ պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին, իսկ 1959 թուականին՝ փրոֆեսորի կոչումին:

Ս. Պօղոսեան գիտական, մանկավարժական ու զինուորական ծառայութիւններուն համար կը պարգեւատրուի «Պատուոյ նշան» շքանշանով, Հայկական ՍՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատուոյ գիրով եւ մետալներով, իսկ 1965 թուականին՝ «Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ» կոչումով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին