Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱՐՄԻՍ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արմիս (բուն անունով՝ Արմենակ Միսիրեան) (23 Մարտ 1901, Թուրքիա – 14 Նոյեմբեր 1977, Փարիզ, Ֆրանսա), հայ նկարիչ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրը, ապա Հալէպ, ուր հաստատուած է 1915 թուականէն ետք։ 1930 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ: Յաճախած է Ժիւլիան եւ Կրանտ Շոմիեր ակադեմիաները։ Մասնակցած է ֆրանսահայ նկարիչներու «Անի» ընկերութեան ցուցահանդէսներուն։ Իբրեւ գեղանկարիչ՝ ան հռչակաւոր դարձած է 1952 թուականին։ 1959 թուականին արժանացած է «Փոփուլիստ» սալոնի առաջին մրցանակին։ Ան Փարիզի, Ցիւրիխի եւ Ամսթերտամի մէջ ցուցադրած է Մեծ եղեռնին եւ իր ժողովուրդին վերապրումին նուիրուած քսան կտաւ:

1956 թուականին այցելած է խորհրդային Հայաստան։ 1964 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է Արմիսի անհատական ցուցահանդէսը։ Իր գործերուն մէկ մասը նուիրած է Հայաստանի պետական պատկերասրահին («Երեք բարեկամներ», 1955, «Ընտանիք», 1959, «Սայլը նրբանցքում», 1960, «Երիտասարդութիւն», 1961, «Կիթառահարը», 1963 եւ այլն)։ 1965 թուականին Հալէպի մէջ լոյս տեսած է Արմիսի «Դրուագներ նկարչական կեանքէս» գիրքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին