«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կարէն Ջանիբեկեան (1 Յուլիս 1937, Երեւան, Հայաստան – 22 Մարտ 2015, Երեւան), հայ դերասան։
Ծնած է Երեւան։ 1966 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը։ 1966 – 67 աշխատած է Թիֆլիսի հայկական դրամատիկական թատրոնը, 1967 – 69՝ Երեւանի Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնը։
Նկարահանուած է աւելի քան 50 ֆիլմերու մէջ՝ «Յատուկ յանձնարարութիւն», «Սովի ժամանակներից», «Չախ-չախ թագաւորը», «Մորգանի խնամին», «Քաոս», «Աշնան արեւ», «Արեւիկ», «Խոշոր շահում», «Մեզանից երեքը», «Դէմքով պատին», «Արիւն», «Ընկեր Փանջունի», «Լաբիրինթոս», «Երեւան ջան», «Լովեմբեր», «Արահետ», «Անառակ որդու վերադարձը» եւ այլ ֆիլմերու մէջ։
1970-ականներուն հեռուստաթատրոնէն ներս բազմաթիւ դերերով հանդէս եկած է։
Կարէն Ջանիբեկեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, պատուոյ գիրերու, պետական կոչումներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալին։
2004 թուականին արժանացած է ՀՀ վաստակաւոր, 2010 թուականին՝ ժողովրդական արտիստի կոչումին:
Կարէն Ջանիբեկեանի հայրը դերասան Գուրգէն Ջանիբեկեանն է։
Ան մահացած է 2015 թուականի Մարտ 22-ին։