Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՄԱՐԻ ԱԹՄԱՃԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարի Աթմաճեան (19 Մարտ 1901, Արեւմտեան Հայաստան, Պաֆրա – 13 Յունիս 1975, Փարիզ), սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, գրական եւ հասարակական գործիչ, բանաստեղծ Սեմայի քոյրը։

Ծնած է Պաֆրա։ Քոյրն է տարաբախտ բանաստեղծ ու գրագէտ Ա. Սեմայի։ 1915-ի եղեռնին Աղաճա Գշլայի մէջ, ուր աքսորուած էին ընտանեօք, կ’ենթարկուին անլուր տանջանքներու։ Հայրը խենեշօրէն կը սպանուի։ Գաղթականութիւն ու զրկանք կ’ըլլայ բաժինը իրենց կեանքին։ Պոլիս, Սուրիա, Եթովպիա, Յունաստան եւ Ֆրանսա…

 

Դպրոցական Կեանք

Կ’աշակերտէ Պոլսոյ Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանին։ Գրականութեան իր ուսուցիչը եղած է Չօպանեան։ Գրական նախափորձերը կը հրատարակուին Ա. Սեմայի «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» ամսագիրներուն մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին