Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱԿՈԼՈՒԹ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անդրէաս Ակոլութ (գերմաներէն՝ Andreas Acoluthus, 16 Մարտ 1654 – 4 Նոյեմբեր 1704, Պրեսլաւ), գերմանացի արեւելագէտ եւ հայագէտ։ Եւրոպայի մէջ սկիզբ դրած է հայագիտութեան-հայկաբանութեան։

Ծնած է Պերնշթատ (գերմաներէն՝ Bernstadt) քաղաքը 16 Մարտ 1654 թուականին։ 6 տարեկանին կը սկսի սորվիլ եբրայերէն եւ կ’աշակերտէ նշանաւոր արեւելագէտ Աւգոստոս Ֆայֆերին։ Ակոլութը ժամանակի ընթացքին կը հմտանայ հայ եւ հին եգիպտական լեզուներուն։ Առհասարակ կը փորձէ ապացուցել, որ հայ լեզուն եգիպտական ծագում ունի, սակայն այդ կարծիքը կը մնայ անընդունելի։ Հայոց լեզուին վերաբերեալ իր աշխատութիւնը տպելու համար մեծ ծախսով հայերէն նշանագիրեր ձուլել կու տայ։

Իր գրական վաստակէն կարելի է յիշել «De aquis zelotypiae amaris» 1682-ին եւ «Քառալեզու Կուրանք» (Specimen alcorani quadrilinguis)՝ տպուած 1701-ին։ Իր «Արդի հայերէն»-ի գիրքին մէջ (1675) կը մէջբերէ Ապտիու մարգարէութեան հայերէն թարգմանութիւնը՝ իր կատարած լատին թարգմանութեան հետ։ Բացի այդ՝ ան կու տայ տեղեկութիւններ հայոց լեզուի քերականութեան մասին։

Մահկանացուն կնքած է 4 Նոյեմբեր 1704-ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին