Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՏԻԳՐԱՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիգրան Շիրինեան (իտալերէն՝ Michele Dicran Sirinian, 12 Մարտ 1923, Կ. Պոլիս – 11 Դեկտեմբեր 2003), իտալական ռազմական օդուժի եւ տիեզերագիտութեան նշանաւոր հայ մասնագէտ, Իտալիոյ ռազմական օդուժի հրամանատար, փրոֆեսոր։

Ծնած է Պոլիս 12 Մարտ 1923-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած կեսարացի կաթոլիկ Միհրան եւ Եղիսաբէթ Շիրինեաններու ընտանիքին մէջ։

1942 թուականին Պոլսոյ պապական նուիրակ Անճելօ Ռոնալտիի (հետագային՝ Հռոմի պապ Յովհաննէս 18-րդ) միջնորդութեամբ կը տեղափոխուի Միլան՝ ապաստանելով հօրաքրոջ՝ Քեհեաններու տունը։

Աւարտած է Միլանի բազմարուեստեան հաստատութեան ճարտարագիտական բաժինը, որմէ ետք գործուղուած է Հռոմ: Իր տաղանդին եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ ան կարճ ժամանակի մէջ գիտական լուրջ ձեռքբերումներ կ’ունենայ տիեզերական ճարտարագիտութեան եւ իտալական ռազմական օդուժի բնագաւառներուն մէջ։ Ան կը դառնայ Իտալիոյ զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայ։ Երիտասարդ հասակին կը դառնայ Հռոմի Լա Սապիենցա համալսարանի տիեզերագիտական ճարտարագիտութեան փրոֆեսոր, միաժամանակ ռազմաօդային ուժերու վերահսկիչ զօրավար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին