«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յարութիւն Կալենց (27 Մարտ 1910, Կիւրին – 7 Մարտ 1967, Երեւան), հայ նկարիչ։
Ծնած է Թուրքիոյ Կիւրին քաղաքը: Մեծ Եղեռնէն ետք ապաստանած է Հալէպի որբանոցը, ապա տեղափոխուած Պէյրութ։ Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսացի նկարիչ Ժորժ Միշլէի արուեստանոցը։
1920-ական թուականներու վերջերը, Միշլէի հետ ճամբորդած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ կարգ մը վայրեր, ուր ցուցադրուած են իր կտաւի վրայ աշխատանքները ։ 1932-ին Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Արուեստի բարեկամներու միութեան» հիմնադիր անդամներէն եղած է: 1939-ին մասնակցած է Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր Լիբանանի մասին իր պատրաստած հարթաքանդակները արժանացած են պատուոյ յիշատակութեան։ 1942-ին եղած է «Լիբանանի նկարիչներու միութեան» հիմնադիրներէն։ Արտասահմանի մէջ ունեցած է անհատական շարք մը ցուցահանդէսներ։ 1946-ին իր կնոջ՝ նկարչուհի Արմինէ Կալենցի հետ ներգաղթած է Հայաստան։ Մասնակցած է հանրապետական եւ միութենական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։ Ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Երեւանի մէջ (1962) եւ Մոսկուայի (1965)։ 1966-ին մասնակցած է Չեքոսլովաքիոյ մէջ կազմակերպուած արուեստի տասնօրեակի ցուցահանդէսին, ապա Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Ուրարտուէն մինչեւ մեր օրերը» ցուցահանդէսին։
Լաւագոյն գործերէն են՝ «Գարուն», «Ծառ Զանգեզուրի ձորում», «Աշունը Հրազդանի ափին», «Ծաղիկներ», Մայա Պլիսեցկայայի, Գէորգ Էմինի եւ այլոց դիմանկարները եւ այլն: