«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կը շարունակուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Պելճիքայի Թագաւորութիւն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այցի երկրորդ օրը նախատեսուած են ՀՀ վարչապետի բարձր մակարդակի հանդիպումները ԵՄ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ:
Մարտ 5-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Եւրոպական խորհուրդ, ուր զինք դիմաւորած է ԵԽ նախագահ Տոնալտ Թուսքը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան դրօշներուն մօտ ձեռքսեղմումէ եւ արարողակարգային տեսալուսանկարահանումէ ետք տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Տոնալտ Թուսքի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, ողջունելով ՀՀ վարչապետի այցը Պրիւքսել, նշած է, որ այս հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքն ու զարգացումի ուղիները: «Սա Ձեր երկրորդ այցն է Պրիւքսել, պարոն վարչապետ: Մենք արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Ձեր առաջին այցի ծիրէն ներս, եւ այսօրուան մեր հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է` շարունակելու մեր սկսած երկխօսութիւնը», – ըսած է Տոնալտ Թուսք:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: «ԵՄ–ը յուսալի գործընկեր է Հայաստանի համար, որի հետ գործակցութեան շարունակական զարգացումը այսօր առաւել կարեւոր է մեր երկրում տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումների համատեքստում: Հայաստանը պատրաստ է ջանքեր ներդնել` Եւրոպական Միութեան եւ ԵՄ անդամ երկրների հետ գործակցութիւնը նոր գաղափարներով եւ նախաձեռնութիւններով հարստացնելու ուղղութեամբ», – նշած է վարչապետ Փաշինեան: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ ՀՀ իշխանութեան հռչակած ժողովրդավարական օրակարգէն որեւէ շեղում պիտի չըլլայ, եւ Եւրամիութեան օժանդակութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար դատաիրաւական, ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներու, տնտեսական ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութիւններով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ ՀՀ-ԵՄ անցագիրերու ազատականացումի գործընթացին` նշելով, որ վերջինս լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրամիութեան երկիրներու գործակցութեան զարգացումին համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ: Անդրադարձ եղած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին, երկուստեք կարեւորուած է CEPA-ի վաւերացումին շուրջ շարունակական աշխատանքը:
ՀՀ վարչապետը եւ ԵԽ նախագահը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումի հարցին շուրջ, ընդգծած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումի կարեւորութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովումին համար: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահողներու ձեւաչափով իրականացուող բանակցային գործընթացին: