Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՖՐԻՏՐԻԽ ՄԻՒԼԼԵՐ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրիտրիխ Միւլլեր (գերմաներէն՝ Friedrich Müller, 6 Մարտ 1834 — 25 Մայիս 1898), աւստրիացի լեզուաբան եւ հայագէտ։

1853-1857 թուականներուն ընթացքին ուսանած է Վիեննայի եւ Կոթինկենի համալսարաններուն մէջ։

Տիրապետած է հայերէնին, յունարէնին եւ սանսկրիտին:

1858 թուականին Ֆրիտրիխ եղած է Վիեննայի համալսարանի, ապա արքունական մատենադարանի տնօրէնը, իսկ 1866 թուականէն սկսեալ դարձած է Վիեննայի համալսարանին լեզուաբանութեան դասախօսը եւ Կայսրական գիտութիւններու ճեմարանին անդամերէն մէկը։

1860-ական թուականներուն Միւլլերը իր հայագիտական յօդուածները հրատարակած է ճեմարանին պատմական եւ փիլիսոփայական տեղեկագիրին մէջ։ Ֆրիտրիխ նաեւ իր պատմաբանասիրական բնոյթի գործերուն մէջ անդրադարձած է Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութեան, հայկական գրական գիւտերուն, Կորիւնին, Ղազար Փարպեցիին, Ստեփանոս Տարոնեցիին (Ասողիկ), Առաքել Դաւրիժեցիին, Վարդան Բարձրբերդցիին եւ Մխիթար Գոշի գործերուն:

Իսկ լեզուաբանական յօդուածներուն մէջ, որոնք շատ լաւ ձեւով ամփոփուած են «Արմէնիաքա» («Armeniaca») էջերուն մէջ, հետազօտած է հայերէնի խոնարհումը ու հոլովումը՝ կատարելով բազմաթիւ ստուգաբանութիւններ։

 

Ֆրիտրիխ Միւլլերի լաւագոյն գործերէն են՝

«Ընդհանուր ազգագրութիւն» (1879)

«Լեզուաբանութեան հիմքերը» (1876-1887) (քառահատոր)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին