«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայկազ Գ. Ժամկոչեան (10 Հոկտեմբեր 1909, Մալաթիա, Արեւմ.Հայաստան – 5 Մարտ 1981, Երեւան), հայ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու (1941), գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1970):
Առաջին համաշխարհային պատերազմին հրաշքով կ’ազատուի թրքական եաթաղանէն ու կ’ապաստանի Լիբանան, ուր կը մտնէ Անթիլիասի ամերիկեան որբանոցը: Հոն կը ստանայ իր նախակրթութիւնը: 1925-ին կը տեղափոխուի Վալանս (Ֆրանսա), իսկ 1928-ին կ’անցնի Պելճիքա: Վալանսի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ իր տարիները բանուորութեամբ անցընելէ ետք, 1929-ին կը ներգաղթէ Հայաստան եւ 1930-ին մուտք կը գործէ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը, որուն ընթացքը կ’աւարտէ գերազանց յաջողութեամբ:1935–1938 Հ. Ժամկոչեան դասախօսական ու գիտական կազմի պատրաստութեան բաժնի ուսանող է նոյն համալսարանը: Անոր զուգընթաց ան հայ ժողովուրդի պատմութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի միջնակարգ դպրոցները: 1941–1944 ան կը ստանձնէ համալսարանի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: Տասնհինգ տարի (1945-1960) կը ղեկավարէ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: Հ. Ժամկոչեանի գիտամանկավարժական երկարատեւ ու անբասիր աշխատանքը կը գնահատուի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումով (1970-ին) եւ բազմաթիւ պատուոգիրերով:
Հայ ժողովուրդի հին եւ միջին դարերու պատմութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը՝ Հ. Ժամկոչեանը, հեղինակ է որոշ հետազօտութիւններու, որոնց մէջ առանձնապէս ուշագրաւ են՝ «12-13 ԴԱՐԵՐԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ» ԷՊՈՍԻ ՎԱՐԻԱՆՏՆԵՐՈՒՄ» (Սասունցի Դաւիթ, յոբելենական ժողովածու, Երեւան, 1939), «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՎԱՍՆ ԱԶԳԻ ՆԵՏՈՂԱՑ» ԵՐԿԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ» (Պետական համալսարանի գիտական աշխատութիւններ, 23-րդ հտր., Երեւան, 1946) եւ այլն: Առանձին հատորով լոյս տեսած է Հ. Ժամկոչեանի «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԽՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՈՒՄ» (Երեւան, 1961) մենագրութիւնը, որ քանիցս վերահրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանի «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» ձեռնարկին մէջ:
Հայկազ Ժամկոչեան կը մահանայ 5 Մարտ 1981-ին: