Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Մեկնարկած Է ՀՀ Վարչապետի Այցը Պելճիքա. Փաշինեան Ծանօթացած Է Լիւվեն Քաղաքի Կրթական Եւ Գիտահետազօտական Հաստատութիւններու Գործունէութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 3-ի երեկոյեան աշխատանքային այցով ժամանած է Պելճիքայի Թագաւորութեան մայրաքաղաք Պրիւքսել:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մարտ 4-ի առաւօտեան Հայաստանի վարչապետը այցելած է Պելճիքայի Ֆլանտրիոյ տարածաշրջանի Ֆլամանտական Պրապանտ նահանգի մայրաքաղաք Լիւվեն, որ կը գտնուի Պրիւքսելէն ոչ հեռու եւ կը համարուի Պելճիքայի համալսարանական կեդրոններէն մէկը: 

Նիկոլ Փաշինեանի այցը մեկնարկած է Լիւվենի կաթոլիկ համալսարանէն, ուր զինք դիմաւորած է համալսարանի նախագահ Լիւք Սելսը:

Ողջունելով ՀՀ վարչապետը` նախագահը նշած է, որ պատիւ է հիւրընկալել Հայաստանի վարչապետի գլխաւորած ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը, եւ Լիւվենի կաթոլիկ համալսարանը պատրաստ է Հայաստանի հետ գործակցութիւնը զարգացնելու: Լիւք Սելսը ներկայացուցած է կաթոլիկ համալսարանի գործունէութիւնը. ան նշած է, որ վերջինս ամենամեծ եւ ամենայայտնի համալսարանն է Պելճիքայի մէջ, որ կ’իրականացնէ կրթութեան եւ հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած միջազգային ուղղուածութիւն ունեցող ծրագիրներ: Համալսարանի բոլոր ծրագիրները հիմնուած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան գիտնականներուն եւ փրոֆեսորադասախօսական կազմի նորարարական հետազօտութիւններուն վրայ: Իր խօսքով` կաթոլիկ համալսարանը ունի 14 մասնաճիւղ Պելճիքայի 10 քաղաքի մէջ եւ կ’իրականացնէ կրթական եւ հետազօտական ծրագիրներ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով: Կրթութիւնը համալսարանին մէջ կը կազմակերպուի 15 բաժնի, իսկ գիտահետազօտական աշխատանքը՝ առանձին բաժիններու եւ հետազօտական խումբերու միջոցով: Վարչապետին ներկայացուած է նաեւ Լիւվենի հետազօտութիւններու եւ զարգացումի արհեստագիտութիւններու փոխանցումի գրասենեակի ծրագիրները:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ պատիւ է հիւրընկալուիլ աշխարհի հնագոյն եւ միաժամանակ ժամանակակից համալսարանը, որ 1425 թուականէն ի վեր՝ գրեթէ 6 դար շարունակ, խթանած է եւրոպական գիտութեան զարգացումը եւ կը համարուի աշխարհի լաւագոյն 50 համալսարաններէն մէկը: «ՀՀ կառավարութեան կրթական քաղաքականութեան նպատակն է կրթութեան եւ հետազօտութեան գործուն կապի ապահովումը: Մենք ցանկանում ենք իրական բարեփոխումներ իրականացնել կրթական համակարգում եւ այս համատեքստում կարեւորում ենք  փորձի փոխանակումը, համատեղ ծրագրերի իրականացումն աշխարհի առաջատար եւ նորարարական կրթական ու գիտահետազօտական հաստատութիւնների  հետ»,– նշած է ՀՀ վարչապետը` գոհունակութիւն յայտնելով կաթոլիկ համալսարանին կողմէ գործակցութեան պատրաստակամութեան համար:

Լիւվենի Կաթոլիկ համալսարանէն վարչապետ Փաշինեան ուղղուած է «IMEC» (Interuniversity Microelectronics Centre) գիտահետազօտական կեդրոն` վերջինիս գործունէութեան ծանօթանալու եւ գործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով: «IMEC» գիտահետազօտական կեդրոնի փոխնախագահ Լիւտօ Տեֆերմը ՀՀ վարչապետին  ներկայացուցած է «IMEC»-ի ծրագիրները: Ան նշած է, որ «IMEC»-ը ունի շուրջ 4000 աշխատակից եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հոլանտայի, Թայուանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ճափոնի մէջ: Նիկոլ Փաշինեան շրջայց կատարած է կեդրոնի կիսահաղորդիչներու մաքրութեան աշխատանոցը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լիւվենի կաթոլիկ համալսարանի նախագահին, «IMEC» գիտահետազօտական կեդրոնի փոխնախագահին, «Առողջութեան կեդրոնի» տնօրէնին տեղեկացուցած է, որ այս տարի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը, որուն մասնակցելու համար զանոնք հրաւիրած է Երեւան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին